Կեանքի 94-րդ տարուան մէջ կեանքէն հեռացած է հայ մարմնամարզիկ, ԽՍՀՄ մարմնամարզի վաստակաւոր վարպետ (1954), ՀԽՍՀ վաստակաւոր մարզիչ, ՀԽՍՀ մարմնակրթութեան եւ մարմնամարզի վաստակաւոր գործիչ Ալպերթ Ազարեանը:
Ան ՀՀ Ողիմպիական Կոմիտէի պատուաւոր նախագահն էր եւ ՀՀ մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահը։
Մմարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնի հաւաստագրման համաձայն՝ օղակներուն վրայ անոր կատարած վարժութիւններուն համալիրը պաշտօնապէս անուանակոչուած էր «Ազարեանական խաչ»։
Ալպերթ Ազարեանը ծնած է 1929 թուականին Գանձակի մէջ, արհեստաւորի ընտանիքի մէջ։ 1939 թուականին ընտանիքը տեղափոխուած է Վանաձոր, իսկ 1947 թուականին՝ Երեւան։ 1946 թուականէն զբաղած է մարմնամարզով՝ ըմբշամարտով եւ ծանրամարտով։
1947 թուականին Մոսկուայի մէջ մասնակցած է մարմնամարզիկներու համամիութենական շքերթին։
1948-1952 թուականներուն ուսանած է Հայկական մարմնամարզի կեդրոնին մէջ։ Ուսման զուգահեռ, Սեմյոն Գարակէօզեանի ղեկավարութեամբ, զբաղուած է մարմնամարզութեամբ։
Ալպերթ Ազարեանը յաղթած է 1956 եւ 1960 թուականներու Ողիմպիական խաղերուն: Ան արժանացած է նաեւ Աշխարհի (1954, 1958), Եւրոպայի (1955), Ասիական խաղերու (1963) ախոյեանի կոչման:
Մասնակցած է մրցումներու աշխարհի 49 երկրի մէջ, նուաճած է 45 ոսկեայ, 42 արծաթեայ եւ 10 պրոնզէ մետալներ։ ԽԱՀՄ ախոյեանութիւններուն մէջ 11 անգամ արժանացած է ախոյեանի կոչման։
2022 թուականի Դեկտեմբեր 1-ին Երեւանի մէջ Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոցի բակին մէջ բացուած է Ալպերթ Ազարեանի կիսանդրին։
1964 թուականին աւարտած է մարզական գործունէութիւնը՝ անցնելով աշխատանքի Երեւանի քաղաքային ժողովրդական կրթութեան վարչութեան ողիմպիական հերթափոխի մարմնամարզութեան մասնագիտացուած մարզադպրոցին մէջ որպէս տնօրէն։ 1964-2000 թուականներուն եղած է Ողիմպիական խաղերու պատուաւոր հիւր։ Երեւանի քաղաքապետարանի ՕՀ մարմնամարզութեան մարզադպրոցը անուանակոչուած է Ալպերթ Ազարեանի անուամբ։
Անոր որդին՝ Էտուարտ Ազարեանը, նոյնպէս մարմնամարզիկ է, ողիմպիական ախոյեան: