Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Համաձայնութիւն Չէ Տուած Քասփրշիքի Ատրպէյճան Այցին

Պաքուն Համաձայնութիւն Չէ Տուած Քասփրշիքի Ատրպէյճան Այցին

by MassisPost

ԵԱՀԿ նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրշիքը, բացի Հայաստան այցէն, նախատեսած է նաեւ Ատրպէյճան այցելել, սակայն պաշտօնական Պաքուն այդ այցին համաձայնութիւն չէ տուած, կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Կը նշուի, որ Պաքուն նման այցի անհրաժեշտութիւն չէ տեսած եւ «այդ համարած է ժամանակի անիմաստ կորուստ»։

Անճէյ Քասփրշիքը Օգոստոս 25-ին այցելած է Կոռնիձոր՝ Լաչինի միջանցքի սկզբնամաս, այնտեղ ծանօթացած է իրավիճակին։ Քասփրշիքը Հայաստան ժամանած է ԵԱՀԿ գործող նախագահ Պույար Օսմանիի յանձնարարութեամբ՝ Լաչինի միջանցքին ստեղծուած իրավիճակին ծանօթանալու եւ անոր մասին վերջինիս զեկուցելու համար։ ԵԱՀԿ գործող նախագահը Օգոստոս 16-ին յայտնած էր, որ իր անձնական ներկայացուցիչին յանձնարարած է այցելել Լաչինի միջանցքի յարակից շրջաններ, ծանօթանալ իրավիճակին եւ իրեն զեկուցած է արդիւնքներուն մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment