Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Այս Տարուան Առաջին Կիսամեակին Հայաստանի Մէջ Մօտ 300 Իրանեան Ընկերութիւն Բացուած Է․ Քերոբեան

Այս Տարուան Առաջին Կիսամեակին Հայաստանի Մէջ Մօտ 300 Իրանեան Ընկերութիւն Բացուած Է․ Քերոբեան

by MassisPost

Հայաստանի եւ Իրանի երկկողմ առեւտրաշրջանառութիւնը աշխուժացնելու նպատակով Իրանի 7 ազատ առեւտուրի գօտիներու 60 իրանեան եւ 50 հայկական ընկերութիւններ արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան ուղղութիւններով իրենց արտադրանքները կը ներկայացնեն եռօրեայ ցուցահանդէսի շրջանակներուն մէջ, որ բացուած է Երեւանի մէջ։

Ցուցահանդէսին առանձին տաղաւարներով ներկայացուած են  զբօսաշրջությեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան, սնունդի արդիւնաբերութեան, մեքենաշինութեան եւ հիւսուածեղէնի ոլորտներու ընկերութիւնները։

ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան նշեց, որ ցուցահանդէսին միջոցով հնարաւոր պիտի ըլլայ նորովի բացայայտել Իրանի հնարաւորութիւնները հայ ներդրողներու համար եւ Հայաստանի հնարաւորութիւնները` իրանցիներու համար։

«Չնայած նախորդ երկու տարում Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կրկնապատկուել է, սակայն աճի կշռոյթը դանդաղում է, եւ պէտք է գտնել նոր հնարաւորութիւններ` երկկողմ շրջանառութիւնը հասցնելու այն թիրախներին, որը նախանշուել է երկու երկրների ղեկավարների կողմից, այն է` 3 միլիառ տոլարի։ Հիմա մօտ 800 միլիոն տոլար կշռոյթի վրայ ենք գտնւում, որը շատ աւելի քիչ է, քան նախանշել են երկրների ղեկավարները։ Մենք տեսնում ենք, որ ազատ առեւտրի գօտիների միջոցով համագործակցութիւնը նոր թափ կը հաղորդի  երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան», նշեց նախարարը:

Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ իրանցիները 2-րդ ամենամեծ օտարերկրյայ ներդրողներն են` զիջելով միայն Ռուսաստանին։ Միայն այս տարուան առաջին կիսամեակին իրանեան մօտ 300 ընկերութիւն բացուած է Հայաստանի մէջ։ Քերոբեանի համոզմամբ` սա լաւ կշռոյթ է, սակայն այն աւելցնելու հնարաւորութիւններ կան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment