Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մաքրոն․ Այլեւս Դիւանագիտութեան Ժամանակը Չէ, Ֆրանսան Պէտք Է Պահպանէ Ճնշումը Մարդասիրական Հասանելիութեան Առումով

Մաքրոն․ Այլեւս Դիւանագիտութեան Ժամանակը Չէ, Ֆրանսան Պէտք Է Պահպանէ Ճնշումը Մարդասիրական Հասանելիութեան Առումով

by MassisPost

Ֆրանսան կը պատրաստուի բանաձեւ ներկայացնելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդ՝ օգնելու Ատրպէյճանի շրջափակման պատճառով սովամահութեան եզրին կանգնած Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակիչներուն․ «Figaro»-ի այս տեղեկութիւնը ոչ հաստատեցին, ոչ ալ հերքեցին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութենէն։

Չմեկնաբանելով ֆրանսական պարբերականին հրապարակած տեղեկութիւնը՝ դեսպանութիւնը միայն յղում կատարեց «Լը Փուէն» ֆրանսական պարբերականին նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախօրէի հարցազրոյցին՝ ըսելով, թէ որեւէ այլ մեկնաբանութիւն չունին։

Խօսելով Արցախի գրեթէ ինը ամիսէ շարունակուող շրջափակումէն՝ այդ հարցազրոյցին մէջ Ֆրանսայի նախագահը յայտնած է, որ այլեւս դիւանագիտութեան ժամանակը չէ, Ֆրանսան պէտք է պահպանէ ճնշումը մարդասիրական հասանելիությեան առումով, եւ իրենք կը շարունակեն օգտակար նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ, որպէսզի կենսական անհրաժեշտութեան ապրանքներ, դեղամիջոցներ ուղարկեն ու ազատ մուտք ապահովեն դէպի Լեռնային Ղարաբաղ։ Բայց թէ ի՞նչ նախաձեռնութեան մասին է խօսքը, արդեօք նոյն ինքն բանաձեւի, ՄԱԿ-ի ԱԽ մշտական անդամ Ֆրանսայի նախագահը չէ մանրամասնած։

Էմանուէլ Մաքրոնը, սակայն, ձեռնպահ մնացած է Արցախի մէջ այսօրուան իրավիճակին վերաբերեալ միջազգային փորձագէտներու կողմէ օգտագործուող «ցեղասպանութիւն» եզրը գործածել։

«Մենք միշտ ըսած ենք, որ կողմ ենք ժողովուրդներու ինքնիշխանութեան։ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը բարդ է, այդ շարքին՝ ժողովուրդներու հաւասարութեան առումով։ Ես չեմ կրնար հետեւիլ այս հարցով կոշտ գիծի կողմնակիցներուն։ Այսօր մենք կ’ընենք ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական խաղաղութիւն հաստատուի, եւ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու ապահովութիւն գտնուի։ Այդ խաղաղութեան պայմանագիրը անհրաժեշտութիւն է, բայց այն պէտք է համահունչ ըլլայ միջազգային իրաւունքին», ըսած է նախագահ Մաքրոնը։

Թէ երբ կը պատրաստուի Ֆրանսան Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցով բանաձեւ ներկայացնել, ֆրանսական «Figaro»-ն չէ մանրամասնած, միայն ընդգծած է, որ 120 հազար կիներու, երեխաներու եւ տղամարդոց կեանքը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի ձեռքն է:

Պաշտօնական հաստատում այս պահին չկայ, Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը եւս չէ մեկնաբանած ֆրանսական պարբերականին տեղեկութիւնը։

Հայաստանի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած ՄԱԿ-ի ԱԽ հրատապ վերջին նիստէն յետոյ որեւէ բանաձեւ չշրջանառուեցաւ, նոյնիսկ յայտարարութիւն չընդունուեցաւ, պաշտօնական Երեւանը միայն յայտնեց, թէ պիտի շարունակէ աշխատանքը ՄԱԿ-ի ԱԽ-ին եւ միջազգային այլ հարթակներու մէջ։

ՄԱԿ ԱԽ բանաձեւերու նախագիծեր ներկայացնելու եւ քուէարկութեան դնելու նախաձեռնութեամբ հանդէս գալու իրաւունք ունին Խորհուրդի 15 անդամները՝ 5-ը մշտական են, անոնց շարքին նաեւ Ֆրանսան, 10-ն կ’ընտրուին երկու տարի ժամկէտով։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի բանաձեւը կ’ընդունուի կա՛մ համախոհութեամբ, կա՛մ առնուազն ինը ձայնով, եթէ մշտական 5 անդամներէն ոեւէ մէկը դէմ չքուէարկէ՝ վեթօ չդնէ։

«Գլխաւորը այդ հնգեակի դիրքորոշումն է»

Քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Բադալեանի կարծիքով՝ Ֆրանսան կրնայ բանաձեւ ներկայացնել, բայց ընդունուելու հաւանականութիւնը այս պահին գրեթէ զերոյական կը համարուի, եթէ, ի հարկէ, Փարիզը աշխատանք չկատարէ ԱԽ մշտական միւս չորս անդամներուն հետ։

«Երբ կան մտահոգութիւններ, բայց նոյնիսկ գործնական քայլերի մասին յայտարարութիւններ չկան, գուցէ հէնց Ֆրանսայի բացառութեամբ փոքրիշատէ, մենք այս իրավիճակում, ի հարկէ, շատ անիրատեսական կը դիտարկենք՝ իրավիճակի վրայ գործունակ ազդեցութիւն թողնելու միտուած բանաձեւ կարող է ընդունուել։ Եթէ Ֆրանսան չի կատարի այնպիսի մի աշխատանք, որ կը կարողանայ գտնել Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգների, Չինաստանի եւ Բրիտանիայի ընդհանուր մօտեցումներ, հասկանում ենք, որ գլխաւորն այդ հնգեակի դիրքորոշումն է, եթէ այդ հնգեակը գայ որեւէ ընդհանուր դիրքորոշման, միւս ոչ-մշտական անդամները հազիւ թէ դիմադրեն այդ մօտեցմանը», ըսաւ ան։

Արցախը ամբողջութեամբ պաշարուած է արդէն 2 ամիսէ աւելի՝ զրկուած նոյնիսկ սնունդի, դեղորայքի, վառելանիւթի մատակարարումներէն։ Ֆրանսան ատրպէյճանական շրջափակումը դատապարտած այն եզակի երկիրն է, որ փորձեց նաեւ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Արցախ։ Արցախցիներուն չհասած հայկական բեռնատարներու կողքին Կոռնիձորի մէջ արդէն մէկ շաբաթէ աւելի նաեւ ֆրանսական բեռները կանգնած են՝ «Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մարդասիրական օգնութիւնը Արցախին» գրութեամբ։

Նախօրէին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը հերքած էր լուրերը, թէ Ուաշինկթըն կը խոչընդոտէ ՄԱԿ-ի ԱԽ-ին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին վերաբերեալ բանաձեւի ընդունման։ Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միզոյեանն ալ, նոյն լուրերը մեկնաբանելով, ըսած էր՝ չի կարծեր, թէ ԱՄՆ որեւէ ձեւով պիտի փափաքի մաս կազմել ցեղային զտումներու Ատրպէյճանի քաղաքականութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment