Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Standard & Poor’s-ը Բարձրացուցած Է Հայաստանի Վարկանիշը

Standard & Poor’s-ը Բարձրացուցած Է Հայաստանի Վարկանիշը

by MassisPost

Աշխարհի ամենահեղիանակաւոր տնտեսական վերլուծական կառոյցներէն մէկը՝ Standard & Poor’s գործակալութիւնը բարձրացուցած է Հայաստանի երկարաժամկէտ վարկանիշը՝ թէ՛ ազգային տարադրամով, թէ՛ արտարժոյթով՝ «B+»-էն դարձնելով այն «BB-»:

Գործակալութեան պնդմամբ, Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման կանխատեսումները կայուն բնոյթ կը կրեն։

«Հայաստանի մէջ ՀՆԱ-ի աճը ինչպէս նաեւ ֆինանսական եւ արտաքին տնտեսական ցուցանիշերը կը բարելաւուէին դեռ մինչեւ ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը։ Կը կարծենք, որ ՀՆԱ-ի իրական աճը յաջորդ տարիներուն եւս համեմատաբար բարձր պիտի ըլլայ», նշուած է Standard & Poor’s-ի հրապարակած զեկոյցին մէջ։

Գործակալութեան պնդմամբ, 2023 թուականին Հայաստանի մէջ տնտեսական աճը կնայ կազմել 7,5 տոկոս։

«Եթէ ծայրայեղ սենարները, ըսենք՝ Ատրպէյճանի հետ ուղիղ ռազմական հակամարտութիւնը բացառուին, ապա Հայաստանի մէջ տնտեսական աճին հեռանկարները հաստատուն բնոյթ պիտի կրեն», կը պնդեն Standard & Poor’s-ի փորձագէտները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment