Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պնդումները, Թէ Միացեալ Նահանգները Անդամ-Երկիրներուն Կը Ճնշէ Չստորագրելու Բանաձեւ, Բացարձակ Կեղծիք Են. ԱՄՆ Դեսպանատուն

Պնդումները, Թէ Միացեալ Նահանգները Անդամ-Երկիրներուն Կը Ճնշէ Չստորագրելու Բանաձեւ, Բացարձակ Կեղծիք Են. ԱՄՆ Դեսպանատուն

by MassisPost

Օրերս Aravot.am-ը, յղում ընելով ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մէջ իր աղբիւրին, գրած էր, որ ՄԱԿ Անվտանգութեան Խորհուրդի քննարկումներէն յետոյ ամերիկեան կողմը ԱԽ անդամ երկիրներուն կը յորդորէ ձեռնպահ մնալ որեւէ բանաձեւի նախագիծ ներկայացնելու քայլերէ:

Պելճիքայի արտաքին գործերու նախարարին հետ հանդիպումէն յետոյ լրագրողներուն հետ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին, ի պատասխան լրագրողի հարցումին, ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսաւ, որ չի կարծեր, թէ ամերիկեան կողմը որեւէ կերպ կը պատրաստուի կամ կ’ուզէ մաս կազմել կամ նպաստել ցեղային զտումներու Ատրպէյճանի քաղաքականութեան։ «Ես կարծում եմ եւ յոյսով եմ, որ Միացեալ Նահանգներում շատ լաւ հասկանում են մարդասիրական ճգնաժամի չափերը եւ ահագնացող կշռոյթները Լեռնային Ղարաբաղում եւ նաեւ գիտակցում են, որ ՄԱԽ ԱԽ հնարաւոր բանաձեւը պիտի գար օգնելու հանգուցալուծել այս իրավիճակը», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

Civic.am-ը հարցում ուղարկած էր նաեւ ԱՄՆ դեսպանատուն։ Հարցումին ի պատասխան, դեսպանատան մամուլի բաժինը հերքած է «Առաւօտ»-ի՝ ԱԳՆ աղբիւրի փոխանցած տեղեկատուութիւնը՝ նշելով, որ բանաձեւի նախագիծ իրենք չեն տեսած, եւ այն պնդումները, թէ Միացեալ Նահանգները անդամ-երկիրներուն կը ճնշէ չստորագրել բանաձեւ, բացարձակ կեղծիք են։

«Ինչպէս նշուած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ մեր յայտարարութեան մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակէ մեզ խորապէս մտահոգել, եւ մենք Ատրպէյճանի կառավարութեան կը քաջալերենք շուտափոյթ բանալ Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտրային եւ մասնաւոր փոխադրումներու համար», ըսուած է դեսպանութեան պատասխանին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment