Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Ունենանք Խաղաղութիւն, Կ’ունենանք Անկախութիւն. Փաշինեան

Եթէ Ունենանք Խաղաղութիւն, Կ’ունենանք Անկախութիւն. Փաշինեան

by MassisPost

23 Օգոստոս 2023-ին Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրի ընդունման 33-րդ տարեդարձն է։

Օրուան առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկած էա ուղերձով՝ մասնաւորապէս, նշելով, որ Անկախութեան հռչակագիրը շրջադարձային փաստաթուղթ է, որով դրուեցաւ այսօրուան պետականութեան հիմքը։

«Անկախութեան հռչակագրով մենք հռչակեցինք Խորհրդային Միութիւնից հեռանալու ուղեգիծը, բայց եւ փակեցինք Խորհրդային Միութիւնից հեռանալու մեր բոլոր ճանապարհները, ասել է, թէ 20-րդ դարավերջին ընդունուած Անկախութեան հռչակագրով որդեգրեցինք մի բանաձեւ, որը 20-րդ դարասկզբին մեզ արդէն իսկ բերել էր անկախութեան կորստի», ըսած է Գործադիրի ղեկավարը։

Ընդգծելով, որ 2018 թուականին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ առաջ եւ անկէ յետոյ Հայաստանի անկախութեան Հռչակագրին վերաբերած է ինչպէս «աստուածաշնչեան ուղերձ», Փաշինեան միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, որ Հռչակագիրը որքան ալ հիմնարար փաստաթուղթ է, կարիք ունէր եւ կարիք ունի խոր քննութեան՝ շեշտելով, որ որովհետեւ, այնուամենայնիւ, քաղաքական փաստաթուղթ է, անկէ բխող բոլոր հետեւութիւններով:

«Եւ հիմա, անկախութեան Հռչակագրի 33-րդ տարեդարձի օրն ուզում եմ ընդգծել, որ մեր կառավարութեան որդեգրած խաղաղութեան օրակարգը՝ անկախութեան օրակարգն է, որովհետեւ, եթէ ունենանք խաղաղութիւն, կ’ունենանք անկախութիւն: Քանի դեռ չունենք խաղաղութիւն, ԽՍՀՄ ուրուականը թեւածելու է մեր երկնքում, մեր տարածաշրջանի երկնքում: Ես ընտրում եմ անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, ժողովրդավարութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ընտրում է անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, ժողովրդավարութիւնը», իր ուղերձին մէջ ըսած է Փաշինեան։

Օրուան առթիւ ուղերձներ յղած են նաեւ Հայաստանի նախագահը, Ազգային Ժողովի նախագահը, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment