Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Աղտամի Ճանապարհին Վերաբերեալ Որոշում Ընդունելու Մասին Լուրերը

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Աղտամի Ճանապարհին Վերաբերեալ Որոշում Ընդունելու Մասին Լուրերը

by MassisPost

Արցախի նախագահականը հերքած է մամուլին մէջ տարածուած լուրերը այն մասին, թէ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը երէկ Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ հրաւիրած է՝  տեղեկացնելով, թէ  Աղտամի ճանապարհով առեւտուր ընելու որոշում կայացուած է: Ըստ մամուլի հրապարակումներուն՝ Արայիկ Յարութիւնեանը տեղեկացուցած է, թէ «առեւտուրը այդ ճանապարհով պիտի ըլլայ «մասնակի», այնտեղով պիտի մտնեն շինանիւթ, մազութ, դեղորայք, իսկ սնունդը պիտի ներկրուի Լաչինով՝  ռուս խաղաղապահներուն միջոցով, սակայն սա չի նշանակեր, որ Լաչինի ճանապարհը լիարժէք պիտի գործէ, արցախցիներուն շարժը պիտի ըլլայ սահմանափակ»։

Արցախի նախագահի  մամուլի խօսնակ Լուսինէ Աւանեսեանը, սակայն, արձագանգելով մամուլի հրապարակման,  յայտնած է, որ  Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ տեղի չէ ունեցած։ Լուսինէ Աւանեսեանը «Արցախփրեսս»-ի հետ զրոյցին յայտնած է, թէ նախագահ Յարութիւնեանի հետ հանդիպման  ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ լիակատար պաշարման հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած մարդասիրական եւ անվտանգային խնդիրները, Արցախի իշխանութիւններուն ընելիքները եւ իրավիճակի հանգուցալուծման  ուղղութեամբ տարբեր կեդրոններէ ստացուած   միջնորդական առաջարկները:  «Որեւէ որոշում չի կայացուել, իսկ քննարկումները շարունակւում են: Նախագահ Յարութիւնեանը յառաջիկայում իրավիճակի եւ իշխանութիւնների մօտեցումների վերաբերեալ տեղեկութիւնները հանրայնացնելու է անձամբ», ըսած է Աւանեսեանը:

Civic.am-ի հաւաստի տեղեկութիւններով՝ տեղի ունեցած է ոչ թէ ԱԽ նիստ, այլ՝ խորհրդատուութիւններ, որոնց մասնակցած են ԱՀ ԱԺ խորհրդարանական ուժերը՝ բացառութեամբ  նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հրահանգով  գործող ընդդիմադիր ուժերու։ «Քննարկուել են մի շարք տարբերակներ, այդ թւում՝ Աղտամով մասնակի բեռնափոխադրումների հարցը։ Վերջնական որոշում, սակայն, չի կայացուել», նշեց աղբիւրը։

Civic.am-ը  տեղեկութիւնը ճշդեց նաեւ Արցախի Յեղափոխական Կուսակցութեան առաջնորդ Արթուր Օսիպեանէն։ Վերջինս նշեց, որ  մամուլի տեղեկութիւնները այն մասին, թէ ԱԽ նիստ եղած է, որուն ընթացքին ալ Արցախի նախագահը ներկայացուցած է իր կողմէ կայացուած որոշումը՝ Աղտամի ճանապարհով առեւտուր ընելու մասին, սուտ է։ «Չկայ նման կայացուած որոշում, ընդամէնը քննարկուել է այդ հարցը։ Մենք որոշ գործիչների հրապարակային ելոյթներից էլ ենք տեղեկանում, թէ ով է այդ առաջարկի կողմնակիցը։ Սակայն այս պահին կայացուած նման որոշում առկայ չէ», նշեց Օսիպեան՝ յաւելելով, թէ Աղտամի ճանապարհէն օգտուելու տարբերակին կողմ է Արցախի ԱԽ նախկին քարտուղար, Արցախի Աժ-ի մէջ մեծութեամբ երկրորդ քաղաքական խմբաւորման՝ «Միասնական Հայրենիք»-ի  ղեկավար  Սամուէլ Բաբայեանը, որ, ըստ մեր տեղեկութիւններուն, նոյնպէս մասնակցած է Արցախի նախագահին հետ տեղի ունեցած  խորհրդակցութիւններուն։

Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ  Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն յետոյ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը, ինչպէս յայտնի է, նշած էր Աղտամով մարդասիրական մատակարարումներ իրականացնելու վերաբերեալ Ատրպէյճանի պատրաստակամութեան մասին եւ շեշտած, որ Արցախը Հայաստանին կապող միակ՝ Լաչինի միջանցքը  պէտք է ապաարգելափակուի։ Արցախի տարբեր պաշտօնական ներկայացուցիչներ քանիցս դէմ արտայայտուած են որպէս Լաչինի միջանցքին այլընտրանք Աղտամի ճանապարհէն օգտուելու առաջարկին եւ պահանջած են, որ Ատրպէյճանը յարգէ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնն ու բանայ Լաչինի միջանցքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment