Home Uncategorized Խումբ Մը Թուրք Գործիչներ Կոչ Ըրած Են Դադրեցնելու Արցախի Շրջափակումը

Խումբ Մը Թուրք Գործիչներ Կոչ Ըրած Են Դադրեցնելու Արցախի Շրջափակումը

by MassisPost

Արդէն 8 ամիսէ Ատրպէյճանը կը շարունակէ Լաչինի (Բերձոր) միջանցքի շրջափակումը, ինչի հետեւանքով յառաջացած է մարդասիրական ճգնաժամ։ Թուրքիայէն խումբ մը գրողներ, քաղաքական գործիչներ եւ իրաւապաշտպաններ (անոնց շարքին կան նաեւ հայեր) միջազգային հանրութեան կոչ ըրած են քայլեր ձեռնարկելու։

Այս մասին կը յայտնէ «Ermenihaber»-ը։

Թուրք գործիչները Արցախի շրջափակումը դադրեցնելու մասին իրենց կոչը ձեւակերպած են «Թուրքիոյ քաղաքացիներու անունով»՝ ուղղուած միջազգային հանրութեան։

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի․

«Պաքուի վարչակարգը, Անգարայի վարչակարգին աջակցութեամբ, ամիսներ շարունակ շրջափակում կ’իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդին դէմ, ինչ որ օրակարգ կը բերէ ցեղասպանութեան հաւանականութիւնը։ Ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն յետոյ, որուն մէջ ներգրաւուած էր Թուրքիոյ զինուժը, Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհը, որ կ’ապահովէէ անցումը Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ եւ պէտք է բաց ըլլայ մարդասիրական օգնութեան ինքնաշարժներուն, շտապ օգնութեան ծառայութիւններուն եւ խաղաղապահ ուժերուն համար, շրջափակման մէջ է եւ փակ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն։

Չնայած ՄԱԿ-ը, Եւրոմիութեան կառոյցները եւ Եւրոխորհուրդի կառոյցները ամիսներ շարունակ Ատրպէյճանին կոչ կ’ընեն դադրեցնելու 120 հազար մարդոց շրջափակումը Ղարաբաղի մէջ, Պաքուի վարչակարգը կ’անտեսէ բոլոր կոչերը, կը մերժէ կամ կը հերքէ շրջափակումը: Մինչդեռ բոլորը գիտեն, որ առաջին անհրաժեշտութեան որեւէ ապրանք չի կրնար մտնել Ղարաբաղ եւ ոեւէ ղարաբաղցի չի կրնար դուրս գալ շրջանէն նոյնիսկ իր հրատապ առողջական կարիքները հոգալու համար։

Խորացող ճգնաժամի պայմաններուն մէջ եւ հաստատելով միջազգային հանրութեան մտահոգութիւնները՝ Պաքուի բռնապետ Իլհամ Ալիեւը կը շարունակէ բացայայտ կերպով եւ անընդհատ սպառնալ ղարաբաղցիներուն։ Այնքան, որ Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօն կարեւոր յօդուած հրապարակած է, ուր Ալիեւի գործողութիւնները Ղարաբաղի մէջ կ’որակէ որպէս ցեղասպանութիւն»։

Թուրք գործիչները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ՝ նշելով, որ իրենք կը նկատեն, որ միջազգային հանրութիւնը բաւարար զգայունութեամբ չի գործում զարգացումներուն նկատմամբ։

«Ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելը չի նշանակեր սպասել անոնց կատարման, յետոյ միջամտել: Նման վտանգը կանխելու համար հիմա պէտք է աշխոյժ գործողութիւններ ձեռնարկել», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Անոնք բոլոր պետութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս՝ ՄԱԿ-ի եւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան կոչ ըրած են աշխոյժ դիրքորոշում ցուցաբերելու։

«Ինչպէս 1948-49 թուականներուն ճեղքուեցաւ Պերլինի շրջափակումը, այնպէս ալ մենք կոչ կ’ընենք օդային ճանապարհով ճեղքելու Ղարաբաղի շրջափակումը եւ անով վերջ դնելու մարդկային այս ողբերգութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment