Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատամ Շիֆը Պայտընին Կոչ Ըրած Է Ալիեւը Նախազգուշացնելու Պատժամիջոցներու Մասին Եւ Յայտարարութիւններէն Գործի Անցնելու

Ատամ Շիֆը Պայտընին Կոչ Ըրած Է Ալիեւը Նախազգուշացնելու Պատժամիջոցներու Մասին Եւ Յայտարարութիւններէն Գործի Անցնելու

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն պէտք է կապ հաստատէ Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի հետ եւ նախազգուշացնէ զայն Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման հետեւանքներուն մասին՝ ներառեալ պատժամիջոցները եւ ամերիկեան օգնութեան դադրեցումը։ Այս մասին նախագահին ուղղուած նամակին մէջ գրած է գոնկրէսական Ատամ Շիֆը, որ նամակը հրապարակած է Թուիթըրեան իր էջով։

Շիֆ յիշեցուցած է, որ ինք նախագահին արդէն գրած է Յունիս 8-ին ԼՂ շրջափակման վերաբերեալ։ Այդ ժամանակէն ի վեր ճգնաժամը շատ աւելի սրած է եւ կը պահանջէ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարին անձնական եւ անյետաձգելի ուշադրութիւնը, նշած է գոնկրէսականը։

«2022 թուականի Դեկտեմբերէն Ղարաբաղի 120 հազար բնակիչ զրկուած է սննդամթերքի, դեղորայքի, կազի եւ ելեկտրականութեան բնական մատակարարումէն, իսկ քանի մը շաբաթ առաջ Ատրպէյճանը ամբողջութեամբ փակած է Լաչինի միջանցքը նոյնիսկ Կարմիր Խաչին համար։ Անվիճելիօրէն, այս իրավիճակը վերաճած է մարդասիրական սուր ճգնաժամի, ինչպէս Օգոստոս 7-ին նշած է ՄԱԿ-ի փորձագէտներու խումբը», նշած է Շիֆ։

Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը անյապաղ օգնութեան կարիք ունի, ներառեալ քաղաքացիներու ամենախոցելի խումբերը՝ յղի կանայք, երեխաները եւ ծերերը։ Դեղորայք ու մանկական սնունդ գրեթէ չէ մնացած, իսկ իշխանութիւնները յայտարարած են թերսնման եւ դեղերու բացակայութեան պատճառով հիւանդացությեան եւ մահացութեան յաճախակիացման մասին: Յղիներուն մօտ արեան տկարութեան դէպքերը հասած են 90%-ի, իսկ սովէն ուշագնացութեան դէպքերը մշտապէս կ’արձանագրուին։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը բախած է սովի իրական սպառնալիքին՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ծրագրին համապատասխան, գրած է Շիֆ։

Հիմա Ատրպէյճանը թոյլ չի տար 400 թոն մարդասիրական օգնութեան բեռ մուտք գործել ԼՂ՝ ի հեճուկս միջազգային իրաւունքի եւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի զինադադարի պայմանագրին։

Թէեւ ԱՄՆ-ը, Եւրոմիութիւնը, ՄԱԿ-ի փորձագէտները եւ Ռուսաստանը կոչ ըրած են ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը եւ ապահովելու անով կանոնաւոր տեղաշարժը, Ատրպէյճանը կ’անտեսէ այդ կոչերը։ Յայտարարութիւններուն ժամանակը անցած է վաղուց, ուստի, յաւելած է Շիֆը՝ նախագահին կոչ ընելով յստակ քայլերու։

Անոնցմէ առաջինը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի արտակարգ նիստ հրաւիրելն է, քանի դեռ այն կը նախագահէ Միացեալ Նահանգները: Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը համապատասխանէ ԱՄՆ-ի մտադրութեան՝ գլխաւոր թեմա դարձնել պարէնային անվտանգութեան եւ մարդու իրաւունքներու համար պայքարը։

Երկրորդ՝ ամերիկեան առաքելութիւն ուղարկել ՄԱԿ՝ Անվտանգութեան Խորհուրդի բանաձեւ պատրաստելու համար, որուն մէջ կը խօսուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՄԱԿ-ի փորձագէտներու տեղակայման մասին՝ փաստեր հաւաքելու եւ տեղի ունեցողին անկախ գնահատական տալու համար, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու հարցով։

Երրորդ՝ յանձնարարել ԱՄՆ Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ USAID-ին ուսումնասիրել ԼՂ ցամաքային կամ օդային ճանապարհով շտապ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու հնարաւորութիւնները։

Չորրորդ՝ Ալիեւի հետ կապ հաստատել ու զայն զգուշացնել շրջափակման հետեւանքներուն մասին՝ ներառեալ պատժամիջոցները, վիզայի չեղարկումը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ օգնութեան դադրեցումը (որ, շատ գոնկրէսականներու կարծիքով, վաղուց պէտք է դադրեցուած ըլլար), նշած է Շիֆը:

«Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւ ընդունելով՝ Միացեալ Նահանգները յայտարարած է «Այլեւս երբեք», բայց հիմա Ղարաբաղի ժողովուրդը կանգնած է ցեղային զտումներու իրական սպառնալիքի առջեւ: Պարոն նախագահ, դուք արդարադատութեան կողմնակից էիք, հանդէս եկաք ճշմարտութեան օգտին, այժմ եկած է ժամանակը այդ յայտարարութիւնները արտայայտելու գործով եւ կանխելու հայերու նոր ցեղասպանութիւնը», գրած է գոնկրէսականը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment