Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ Հարցով Արտահերթ Նիստ Գումարելու Պահանջով Պաշտօնական Երեւանը Դիմած Է ՄԱԿ-ի ԱԽ

ԼՂ Հարցով Արտահերթ Նիստ Գումարելու Պահանջով Պաշտօնական Երեւանը Դիմած Է ՄԱԿ-ի ԱԽ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի հարցով արտահերթ նիստ գումարելու պահանջով պաշտօնական Երեւանը դիմած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Անվտանգութեան Խորհուրդ։ Հայաստանը կ’ակնկալէ միջազգային կառոյցին միջամտութիւնը:

Ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը կը հայցէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի՝ որպէս համաշխարհային անվտանգութեան ապահովման եւ զանգուածային ոճրագործութիւններու, ներառեալ՝ պատերազմական յանցագործութիւններու, ցեղային զտումներու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման առաջնային մարմինի միջամտութիւնը, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նախագահին ուղղուած նամակին մէջ ընդգծած է կառոյցին մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանը՝ շեշտելով, որ Յուլիս 15-էն լիակատար շրջափակման պայմաններու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը այսօր կանգնած է մարդասիրական լիակատար աղէտի եզրին։

Մարդասիրական բոլոր մատակարարումներու դադրեցումը՝ զուգորդուած ներքին սահմանափակ պաշարներու աստիճանական օգտագործմամբ, ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ գիւղատնտեսական տարածքներու թիրախաւորուած գնդակոծութեամբ, յանգեցուցած են սնունդի սուր պակասի եւ խանութներու փակման։ Առաջնային անհրաժեշտութեան սննդամթերքի եւ կենսանիւթերու բացակայութեան պատճառով մօտ 2000 յղի կին, մօտ 30.000 երեխայ, 20.000 տարէց եւ 9000 հաշմանդամութիւն ունեցող անձ կը պայքարի թերսնման պայմաններու մէջ գոյատեւելու համար, գրուած է ՀՀ նամակին մէջ։

Պաշտօնական Երեւանը նաեւ յայտնած է, որ շաքարախտով եւ արեան շրջանառութեան հիւանդութիւններով հազարաւոր քաղաքացիներ, մնացած են գրեթէ առանց որեւէ դեղամիջոցի։ Աւելցած են շարք մը հիւանդութիւններէ մահացութիւններու դէպքերը, այդ շարքին՝ սրտանօթային հիւանդութիւններէ եւ չարորակ նորագոյացութիւններէ։ Նաեւ թերսնման պատճառով յղիներու շրջանակին մէջ սակաւարիւնութեան մակարդակը հասած է շուրջ 90 տոկոսի։

Աւելին, տակ եղանակային պայմանները եւ ախտահանող միջոցներու եւ դեղամիջոցներու բացակայութիւնը տարածաշրջանին մէջ համաճարակներու վտանգ կը ստեղծեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment