Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւան-Կիւմրի Ճանապարհին Ինքնաշարժի Արկածէ 11 Մարդ Զոհուած է, 6-ի Կեանքին Վտանգ Կը Սպառնայ

Երեւան-Կիւմրի Ճանապարհին Ինքնաշարժի Արկածէ 11 Մարդ Զոհուած է, 6-ի Կեանքին Վտանգ Կը Սպառնայ

by MassisPost

Կիւմրի-Երեւան ճանապարհին՝ Լանջիկ գիւղի մօտակայքին նախօրէի կէսգիշերը անց իրար բախած են «Զիլ» մակնիշի բեռնատարն ու Volkswagen մարդատարը, ինչի հետեւանքով տեղւոյն վրայ մահացած են մարդատարի 11 ուղեւորները, անոնց շարքին` վարորդը։ Եւս 6 մարդ ծանր ու ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած է «Կիւմրի» բժշկական կեդրոն։ Անոնց բոլորին կեանքին վտանգ կը սպառնայ, «Ազատութեան» փոխանցեց հիւանդանոցի փոխտնօրէն Արմէն Խաչատրեանը։

«Բոլորի վիճակներն էլ՝ ծանր եւ ծայրայեղ ծանր, որովհետեւ բազմակի վնասուածքներով են, բազմատեսակ վնասուածքներով են: Բոլորն ունեն նաեւ կեանքի խնդիր: Ամէն ինչ բուժանձնակազմը կատարում է, որպէսզի կարողանայ փրկել կեանքերը», ըսաւ Խաչատրեանը՝ մանրամասնելով. «Հիմնականում, կարելի է ասել, գանկ, դիմային գանկ, վերջոյթներ՝ բազմաթիւ, բազմապիսի վնասուածքներով են եկել»:

Դէպքին վայրը քննչական գործողութիւնները արդէն աւարտած են, արկածէն խիստ վնասուած, ծռմռուած ինքնաշարժները տեղափոխուած են Մարալիկի ոստիկանութեան յատուկ պահպանութեան գօտի:

Ըստ Քննչական Կոմիտէին՝ պատահարի վայրին զննութեամբ պարզուած է, որ բախումը տեղի ունեցած է, երբ Volkswagen մակնիշի ինքնաշարժը գտնուած է իր երթեւեկելի ուղեմասին մէջ՝ դէպի Երեւան ուղղութեամբ, իսկ «Զիլ»-ը՝ հանդիպակաց ուղեմասին մէջ՝ դէպի Կիւմրի ուղղութեամբ:

Շիրակի մարզպետ Մուշեղ Մուրատեանը որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց, թէ ովքեր եղած են երկու ինքնաշարժներու ուղեւորները. «Նախնական տուեալներ կարող եմ ասել, որ «Համշեն Թուր»-ին պատկանող Mercedes Sprinter մակնիշի մեքենայ է եղել, բախուել է «Նոր Կեանք» գիւղի բնակիչ, «Զիլ»-ի վարորդ՝ մեր մարզի բնակչի մեքենային, «Զիլ» մակնիշի մեքենայի վարորդը նոյնպէս պառկած է Կիւմրու բժշկական կեդրոնում: Այս պահին տարբեր նախաքննական եւ քննչական գործողութիւններ են իրականացւում դէպքի ամբողջութեամբ պարզաբանելու եւ ճշգրտելու ուղղութեամբ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment