Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքին Շրջափակումը ԼՂ Հայերուն Նկատմամբ Ցեղասպանութիւն Է. ՄՔԴ Նախկին Դատախազը Հաշուետուութիւն Ներկայացուցած Է

Լաչինի Միջանցքին Շրջափակումը ԼՂ Հայերուն Նկատմամբ Ցեղասպանութիւն Է. ՄՔԴ Նախկին Դատախազը Հաշուետուութիւն Ներկայացուցած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանի անվտանգութեան ուժերուն կողմէ Լաչինի միջանցքին շրջափակումը Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն նկատմամբ ցեղասպանութիւն է։ Այս մասին յայտնած է Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրէնօ Օքամփօն՝ հրապարակելով իր հաշուետուութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։

Իր հաշուետուութեան մէջ Օքամփօն նշած է, որ ատրպէյճանական անվտանգութեան ուժերուն կողմէ Լաչինի միջանցքին շրջափակումը, որ կը խոչընդոտէ որեւէ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ  ապրանքներու առաքումը Լեռնային Ղարաբաղ, կը լուսաբանուի մամուլին մէջ 2022 թուականի Դեկտեմբերէն եւ կը քննարկուի քաղաքական առաջնորդներուն կողմէ։

Ինչպէս նշած է ՄՔԴ նախկին դատախազը, իր ներդրումը այն է, որպէսզի բացատրէ, թէ ինչու այդ պէտք է համարուի ցեղասպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ՝ համաձայն Ցեղասպանութեան մասին ուխտ Բ. յօդուածին. «Խումբի կանխամտածուած կենսապայմաններու ստեղծում՝ հաշուարկուած անոր ֆիզիքապէս ոչնչացման վրայ»:

«Այստեղ չկան դիակիզարաններ, եւ չկան մաչեթէով յարձակումներ: Սովը ցեղասպանութեան անտեսանելի զէնք է: Առանց անյապաղ առանցքային փոփոխութիւններու՝ հայերի այս խումբը քանի մը շաբաթէն կ’ոչնչացուի: Շատ առումներով Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն սովը կը ներկայացնէ ցեղասպանութեան արխետիպը՝ պարտադրել կենսապայմաններ, որոնք ուղղուած են խումբի ոչնչացման», կ’ըսուի Օքամփոյի յայտարարութեան մէջ։

Ինչպէս նշած է Միջազգային Քրէական Դատարանին նախկին դատախազը, «իրեն համար պատիւ է իր ներդրումը ունենալ՝ ներկայացնելով անաչառ հաշուետուութիւն»։ Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է օգնելու որեւէ կողմի, որ կը ձգտի կանխելու հայերու ոչնչացումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment