Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրէն Պապիկեանը Ֆրանսայի Դեսպանին Եւ Ռազմական Կցորդին Հետ Քննարկած Է Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութիւնը Զարգացնելու Հեռանկարները

Սուրէն Պապիկեանը Ֆրանսայի Դեսպանին Եւ Ռազմական Կցորդին Հետ Քննարկած Է Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութիւնը Զարգացնելու Հեռանկարները

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին եւ նորանշանակ ռազմական կցորդ, փոխգնդապետ Առնօ Էլին:

Պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է դեսպան Տըքոթինյին եւ փոխգնդապետ Առնօ Էլին՝ Հայաստանի մէջ առաքելութիւնը սկսելու առիթով եւ մաղթած է արդիւնաւէտ համագործակցութիւն:

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւորուած է Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մէջ ռազմական կցորդի գրասենեակին հիմնումը, ինչ որ իրականացուած է պաշտպանութեան նախարարներ Սուրէն Պապիկեանի եւ Սեպասթիէն Լըքորնյուի միջեւ 2022 թուականի Սեպտեմբեր ամսուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան շրջանակներուն մէջ:

Քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան ներկայիս ընթացքին, զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment