Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վահագն Խաչատուրեանն Ու Անտրէա Վիքթորինը Քննարկած Են Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համագործակցութեան Օրակարգին Վերաբերեալ Հարցեր

Վահագն Խաչատուրեանն Ու Անտրէա Վիքթորինը Քննարկած Են Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համագործակցութեան Օրակարգին Վերաբերեալ Հարցեր

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը ընդունած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինը, որ կ’աւարտէ դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ:

Վահագն Խաչատուրեանը շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան հետագայ խորացման ու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, յատկապէս՝ հարաւային շրջաններու զարգացման ուղղուած ծրագիրներու կեանքի կոչման, իրականացուող բարեփոխումներու նպաստման գործին մէջ ներդրած ջանքերուն համար:

«Ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել այն մեծ աշխատանքի համար, որ կատարել էք Ձեր պաշտօնավարման չորս տարիների ընթացքում: Իրականում հսկայական աշխատանք էք կատարել եւ այստեղ Ձեր անձնական ներդրումը մեծ է: Շատ ծրագրեր, որոնք սկսուել են կամ արդէն իրականութիւն են դարձել Ձեր նախաձեռնութիւնների շնորհիւ են: Վստահ եմ, որ Ձեր սկսած գործերը շարունակական կը լինեն, որովհետեւ դրանք, իրականում, Հայաստանի զարգացման համար մեծ դեր ու նշանակութիւն ունեն», նշած է նախագահ Խաչատուրեանը:

Դեսպան Անտրէա Վիքթորինը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան եւ ջերմ խօսքերուն համար:

«Կը կարծեմ, որ այս ամէնը հնարաւոր եղաւ իրականացնել համատեղ ջանքերու շնորհիւ: Սա լաւ համագործակցութիւն էր Հայաստանի կառավարութեան, շահագրգիռ կողմերուն, քաղաքացիական հասարակութեան, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան, այնտեղ աշխատող մեր գործընկերներուն միջեւ: Կը կարծեմ, որ միասին մենք կրցանք յաղթահարել շատ դժուարին շրջանը»:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն բազմաշերտ համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է ընթացիկ եւ յառաջիկային նախատեսուած տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործընթացին եւ արձանագրուած արդիւնքներուն:

Երկուստեք շեշտուած է Եւրոմիութեան կարեւոր դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան, ժողովրդավարական հիմնարկներու կայացման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, շարունակական բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment