Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Հայ-Թրքական Սահմանը Բանալու Հետ Կապուած Մաքսատան Վերանորոգման Աշխատանքներ Կ’իրականացուին. «Ակօս» Թերթի Խմբագիր

Թուրքիոյ Մէջ Հայ-Թրքական Սահմանը Բանալու Հետ Կապուած Մաքսատան Վերանորոգման Աշխատանքներ Կ’իրականացուին. «Ակօս» Թերթի Խմբագիր

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ հայ-թրքական սահմանը բանալու հետ կապուած մաքսատան վերանորոգման աշխատանքներ կ’իրականացուին, բայց ի տարբերութիւն Հայաստանի՝ այդ տեղեկութիւնները թրքական մամուլին մէջ լայն տարածում չեն գտներ։ Այս մասին «Civic.am»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Թուրքիոյ մէջ հրապարակուող «Ակօս» թերթի խմբագիր Բագրատ Էսդուքեանը։

Հարցումին՝ Ձեր կարծիքով՝ Թուրքիան ե՞րբ պատրաստ պիտի ըլլայ բանալու սահմանը Հայաստանի հետ, մեր զրուցակիցը արձագանգեց, որ Թուրքիան, ինչպէս եւ Ատրպէյճանը 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ առաւելապաշտ քաղաքականութիւն կ’իրականացնեն Հայաստանի դէմ, եւ առաւելապաշտութիւնը կը դրսեւորուի «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութեամբ, որ կը փափաքին ստանալ Հայաստանէն։

Բագրատ Էսդուքեանը ընդգծեց, որ Թուրքիան կ’ակնկալէ ստանալ «Զանգեզուրի միջանցք», որ չի վերահսկուի Հայաստանի կողմէ, ըլլայ Հայաստանի իշխանութենէն պոկուած տարածք, որ կապէ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին ու Թուրքիոյ։ Մեր զրուցակիցը նշեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ու Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման զուգահեռ երկու երկիրները մտադիր են բանակցային սեղանին դնելու նաեւ «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցը. «Հայաստանի իշխանութենեն պոկուած հողային տարածք մը կ’ուզեն, որ Թուրքիան պիտի կապէ Ատրպէյճանին։ Այդ է, որ Հայաստանին համար անընդունելի է։ Ապա թէ ոչ՝ ճանապարհի համար խնդիր չկայ, ճանապարհը ուր որ աւելի ձեռնտու է, այնտեղ ալ կը բացուի, բայց իրենց ուզածը հսկողութենէն դուրս մնալն է, ինչ որ սպառնալիք մըն է Հայաստանի հողային ամբողջութեան՝ պետականութեան դէմ»։

Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին՝ Բագրատ Էսդուքեանը նշեց, որ քանի որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով բանաձեւեր կը պատրաստէ Սփիւռքը, հետեւաբար Թուրքիան այդ մասով որեւէ պահանջ չունի Հայաստանի կառավարութենէն. «Հայաստանը այդ գործի մէջ ուղղակի դերակատարութիւն չունի որպէս պետականութիւն, եւ Թուրքիան չի կրնար ակնկալիք ունենալ։ Ցեղասպանութիւնը փաստացի իրողութիւն մըն է, Թուրքիան ի՞նչ կրնայ պահանջել Հայաստանէն այդ ուղղութեամբ»:

Խօսելով Թուրքիոյ վերընտրուած նախագահ Էրտողանի քաղաքականութենէն՝ մեր զրուցակիցը շեշտեց, որ թէպէտ իր ելոյթներուն մէջ իր համակիրները ոգեւորելու համար Էրտողանը կրնայ Արեւմուտքի դէմ խօսիլ, բայց իրականութեապն մէջ Թուրքիան Արեւմուտքին ենթակայ երկիր է՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment