Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուան Աշխուժօրէն Կը Համագործակցի Պաքուի Եւ Երեւանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագրի Հարցով

Մոսկուան Աշխուժօրէն Կը Համագործակցի Պաքուի Եւ Երեւանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագրի Հարցով

by MassisPost

Մոսկուան աշխուժօրէն կը համագործակցի պաշտօնական Պաքուի եւ Երեւանի հետ՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման հարցով։

Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գերատեսչութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի վարչութեան փոխտնօրէն Ալեքսէյ Զայցեւը:

«Ռուսական կողմը աշխուժօրէն կ’օգնէ Պաքուին եւ Երեւանին այս փաստաթուղթի պատրաստման գործին մէջ՝ օգտագործելով քաղաքական եւ դիւանագիտական խողովակները բոլոր մակարդակներով։ Ամէն տարի տեղի կ’ունենան եռակողմ գագաթաժողովներ, պարբերաբար կը հանդիպին արտաքին գործերու նախարարները, վերջերս ալ նման հանդիպում կայացած է», ըսածէ Զայցեւը:

Անոր փոխանցմամբ, Պաքուէն եւ Երեւանէն հնչող յայտարարութիւնները հնարաւորինս արագ խաղաղութեան հասնելու յանձնառությեան մասին, դեռ չեն նշանակեր, որ կողմերը պատրաստ են ընդունելու որեւէ պայմանագիր:

«Մենք դեռ պէտք է լուծումներ գտնենք շարք մը բարդ խնդիրներու շուրջ», ըսած է Ալեքսէյ Զայցեւը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment