Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Վերահաստատենք Պետական Քարտուղար Պլինքընի՝ Լաչինի Միջանցքը Անյապաղ Վերաբանալու կոչը. ԱՄՆ Դեսպանատուն

Կը Վերահաստատենք Պետական Քարտուղար Պլինքընի՝ Լաչինի Միջանցքը Անյապաղ Վերաբանալու կոչը. ԱՄՆ Դեսպանատուն

by MassisPost

ԱՄՆ փոխդեսպանի պաշտօնակատար Ճոն Ալելոն եղած է Սիւնիքի մէջ եւ տեղահանուած անձերէն ու մարզի ղեկավարներէն տեղեկացած Է Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակման պատճառած զրկանքներուն մասին, յայտարարած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը:

«Մենք կը վերահաստատենք պետական քարտուղար Պլինքընի կոչը մասնաւոր եւ առեւտրային փոխադրումներու համար Լաչինի միջանցքը անյապաղ վերաբանալու մասին», յայտարարած է դեսպանատունը։

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, Յուլիս 13-ին, Ատրպէյճանի նախագահ իլհամ Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին ընդգծած է «Լաչինի միջանցքով առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր ինքնաշարժներու անխափան անցման կարեւորութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment