Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ի Մէջ Հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Եւ Միջազգային Կառոյցներու Ներկայացուցիչները Այցելած Են Կոռնիձոր՝ Մարդասիրական Շարասիւնի Հատուած

ՀՀ-ի Մէջ Հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Եւ Միջազգային Կառոյցներու Ներկայացուցիչները Այցելած Են Կոռնիձոր՝ Մարդասիրական Շարասիւնի Հատուած

by MassisPost

Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչները այցելած են Կոռնիձոր՝ մարդասիրական շարասիւնի հատուած։ Անոնք Սիւնիքի մէջ են ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան եւ կառավարութեան հրաւէրով։

Երկրորդ օրն է պաշարուած Արցախ մարդկային բեռներ տեղափոխող ինքնաշարժները անշարժ կանգնած են Կոռնիձորի մէջ՝ հայկական անցակէտին մօտ։ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ՝ մարդասիրական օգնութիւնը պէտք է Արցախ տեղափոխուէր ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով։ Ռուսական կողմէ դեռ պատասխան չկայ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment