Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Fitch»-ը Բարելաւած Է Հայաստանի Վարկանիշը՝ Տալով Դրական Հեռանկար

«Fitch»-ը Բարելաւած Է Հայաստանի Վարկանիշը՝ Տալով Դրական Հեռանկար

by MassisPost

«Fitch Ratings» միջազգային վարկանիշային կազմակերպութիւնը վերանայած է Հայաստանի՝ արտարժոյթով եւ ազգային արժոյթով երկարաժամկէտ պարտաւորութիւններու թողարկման ինքնիշխան վարկանիշը` «B+»-էն բարձրացնելով «BB-»՝ կայուն հեռանկարով:

Կազմակերպութեան կողմէ բարելաւուած է նաեւ ՀՀ տնտեսական աճի կանխատեսումը։ Կ’ակնկալուի, որ 2023-ին ՀՀ տնտեսութիւնը աճի 7,2%-ով՝ նախորդ 6,1% կանխատեսման համեմատ։

«Fitch Ratings» կազմակերպութեան կողմէ ՀՀ վարկանիշի բարելաւման մեծապէս նպաստած են կայուն տնտեսական աճը, պետական պարտքի կայունացումն ու ցած մակարդակը, ինչպէս նաեւ կայուն հարկապիւտճէական քաղաքականութիւնը եւ արտաքին առեւտուրի հաշուեկշիռի բարելաւումը:

Կազմակերպութեան կողմէ առանձնացուած են նաեւ Հայաստանի վարկանիշի բարելաւման հիմնարար գործօնները, որոնցմէ են երկրին մէջ ամուր մաքրոտնտեսական եւ հարկապիւտճէական քաղաքականութեան շրջանակը, բարեփոխումներու նկատմամբ վստահելի յանձնառութիւնը եւ 1 շունչի հաշուով ՀՆԱ-ի բարենպաստ մակարդակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment