Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Հայրենադարձութեան Եւ Համարկման Առաջին Կեդրոնը

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Հայրենադարձութեան Եւ Համարկման Առաջին Կեդրոնը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ Երեւանի մէջ ներկայ գտնուած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Հայրենադարձութեան եւ համարկման առաջին կեդրոնի բացման արարողութեան: Միջոցառման ներկայ եղած են նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեանը, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, նախարարներ, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Իր խօսքին մէջ վարչապետը նշած է, որ կան բազմաթիւ տէ ֆաքթօ հարցեր, որոնց մարդիկ մէկ երկրէ այլ երկիր տեղափոխուելու պարագային կը բախին, խնդիրներ կ’ունենան: «Եւ մենք քննարկումներում արձանագրեցինք, որ եթէ բարձրաստիճան պաշտօնեան կարող է հայրենադարձուելու ընթացքում ունենալ նման խնդիրներ՝ կապեր ունենալով եւ հասանելիութիւն ունենալով, ընդհուպ Հանրապետութեան վարչապետի, նախագահի, նախարարների հետ, ապա ի՞նչ կարող է տեղի ունենալ բազմաթիւ այլ մարդկանց հետ, որոնք նման հնարաւոր կապեր չունեն:

«Եւ պէտք է արձանագրել, որ սա մի իրադարձութիւն է, որը կապ ունի մեր մօտեցումների հետ՝ որոշումների կայացման եւ դրանք իրագործելու ընթացքում, որովհետեւ այսօր էլ Կառավարութեան նիստում քննարկում ենք, որ ոչ միայն պէտք է յայտարարենք դիրքորոշումները, այլեւ դիտարկենք հակառակ կողմից: Իսկ գործնականում դրանք ի՞նչ խնդիրներ են առաջ բերում:

«Հայրենադարձութիւն բառը բոլորիս համար թանկ, կարեւոր եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող արտայայտութիւն է, բայց երբ քաղաքական մակարդակում դա յայտարարում ենք՝ չենք արձանագրում, որ քաղաքական ուղերձն այո՛, բազմաթիւ մարդկանց մօտ կարող է յառաջացնել ոգեւորութիւն, ցանկութիւն, բայց մի պետական կառավարման կամ իրաւական մի ընթացակարգերի հետ բախուելուց մարդու ոգեւորութիւնը կարող է զրոյանալ եւ հակառակը՝ հետ պտըտուել ու յառաջ բերել զղջման խորը զգացում, թէ ինչու ես այս ճանապարհին ոտք դրեցի», ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ այդ քննարկումներուն շնորհիւ հասկցուած է այնպիսի հիմնարկին անհրաժեշտութիւնը, որ աջակցի բոլոր այն մարդոց, որոնք հայրենադարձութեան շատ կարեւոր որոշում պիտի կայացնեն:

«Բայց նաեւ մենք արձանագրեցինք, որպէսզի այդ որոշումը լինի հնարաւորինս գործնական, պէտք է դա լինի ոչ թէ ուղղակի համօրինակ, դասական պետական մարմին մը, այլ պէտք է ըլլայ տեղ մը, որը նաեւ պաշտօնական հնարաւորութիւններ կ’ունենայ, ոչ-պաշտօնական հնարաւորութիւններ կ’ունենայ, մշտական հաղորդակցութեան մէջ կը լինի այն մարդկանց, քաղաքացիական հասարակութեան հետ, որոնք նոյնիսկ պետական կառավարման մարմիններից առաջ առնչուել, առերեսվել են թեմային եւ գիտեն բոլոր նրբութիւնները։

«Պարոն Սինանեանն արդէն նշեց, որ այս գրասենեակի եւ հիմնարկի նպատակը մարդուն ուղեկցելն է մտադրութեան ձեւաւորման փուլից։ Աւելին, սա նաեւ եւս մէկ գործնական քաղաքական ուղերձ է, որ հայրենադարձութիւնը ցանկալի է։ Կառավարութիւնն ուզում է Հայաստանի Հանրապետութիւն վերադարձած աւելի ու աւելի շատ մարդկանց տեսնել: Արդէն նշուեց, որ առարկայական եւ ենթակայական հանգամանքների բերումով կան որոշակի միտումներ, եւ մեր խնդիրն այն է, որ այդ միտումներին զուգահեռ նաեւ մեր հաւանական հայրենադարձներին մատուցենք այնպիսի ծառայութիւններ, որոնց վերաբերեալ խօսակցութիւնները կ’ոգեւորեն ուրիշներին նոյնպէս քայլ անել դէպի հայրենադարձութիւն, դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն», նշած է Նիկոլ Փաշինեան։

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր այն գործընկերներուն, որոնք հնարաւոր դարձուցած այս նախագիծը։ «Ուզում եմ բոլորիս շնորհաւորել այս կարեւոր առիթով: Նման քայլերով պէտք է ամրապնդենք մեր քաղաքացիների, ժողովրդի վստահութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայի նկատմամբ՝ այն արձանագրումով, որ այդ ապագան ոչ ոք սկուտեղի վրայ մեզ չի մատուցելու։ Դա մի գործ է, որը մենք պէտք է անենք բոլորս միասին, իւրաքանչիւրս մեր տեղում՝ կառավարութիւնն իր տեղում, ընդդիմութիւնն իր տեղում, քաղաքացիական հասարակութիւնն իր տեղում, Հայաստանի հանրութիւնն իր տեղում, հասարակական հատուածի աշխատողներն իրենց տեղում՝ կեդրոնում ունենալով մի նպատակ, դա Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, ազատ, հզօր եւ երջանիկ հայկական պետականութիւնն է։

«Յոյս ունեմ, որ այսօրուայ մեր իրադարձութիւնը բազմաթիւ մեր հայրենակիցների հնարաւորութիւն կը տայ ստեղծելու այդ երջանկութիւնը, այդ ազատութիւնը, զարգացնելու այդ հզօրութիւնը եւ ուրիշներին էլ ստեղծելու եւ հաղորդակցուելու այդ ամէնի հետ», ըսած է վարչապետը։

Հայրենադարձներու համարկման գործընթացը արդիւնաւէտ կազմակերպելու համար Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Հայրենադարձութեան եւ համարկման կեդրոնը իր տեսակով առաջինը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ պիտի գործէ որպէս միասնական միջոց-կեդրոն հայրենադարձներու համար: Կեդրոնին բացումը հնարաւոր դարձած է ՀՀ կառավարութեան եւ «Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամ»ին արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան շնորհիւ:

Հայրենադարձութեան եւ համարկման կեդրոնը հայրենադարձներուն խորհրդատուական ու գործնական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ տարբեր ուղղութիւններով, այդ շարքին՝ տակաւին նախահայրենադարձման փուլին, երբ անհատը կամ ընտանիքը հայրենադարձելու ցանկութիւն արտայայտած է: Կեդրոնին աշխատակիցը պիտի նախապատրաստէ եւ ուղեկցի հայրենադարձին ամբողջ ընթացքին՝ անոր ներկայացնելով ու ծանօթացնելով Հայրենիքի մէջ իրաւական գործընթացներուն, կրթական, առողջապահական, մաքսային, զբաղուածութեան, առեւտրային գործունէութիւն ծաւալելու եւ այլ հարցերոււ մէջ՝ սերտօրէն գործակցելով գործընկերներու հետ:

Կեդրոնը կ’առաջարկէ մշտապէս գործող հայերէնի անվճար դասընթացքներ, համարկման ու իրազեկման անվճար սեմինարներ, հեռակայ եւ առկայ տարաբնոյթ միջոցառումներ, տեղեկատուական, կապերու հաստատման ու հաւանական գործատուներու հետ շփումներ եւ այլն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment