Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Հանդիպած Է Արտախորհրդարանական Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն

Փաշինեան Հանդիպած Է Արտախորհրդարանական Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ հանդիպած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ համագործակցութեան խորհրդակցական ժողովի մասնակից կուսակցութիւններու ղեկավարներուն:

Հանդիպման մասնակցած են Հայաստանի Քրիստոնէա-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Լեւոն Շիրինեանը, «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Մհեր Տէրտէրեանը, Հայաստանի Եւրոպական Կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Խզմալեանը, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Դաւիթ Սանասարեանը, «Ուժը Հայրենեաց» կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Արզաքանցեանը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճեմեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment