Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Յայտարարութիւնը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Ֆրանսան իր ափսոսանքը կը յայտնէ Պաքուի կողմէ Լաչինի միջանցքի յամառ արգելափակման համար, որ կը հակասէ զինադադարի համաձայնագրերով ստանձնած պարտաւորութիւններուն ու կը վնասէ բանակցային գործընթացին, յայտարարած է Ֆրանսայի Եւրոպական եւ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը։

Փարիզ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչին՝ Յուլիս 26-ի յայտարարութեան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ ազդող մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ։

Ֆրանսան Պաքուին կոչ կ’ընէ կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ կիրառելու Միջազգային դատարանի՝ Փետրուար 22-ի որոշման մէջ նշուած միջանկեալ միջոցները, որոնք պարտադիր են։

Ֆրանսան կոչ կ’ընէ վերականգնելու բեռներու, մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով եւ բնակչութեան կազի եւ ելեկտրականութեան շարունակական մատակարարումը։

«Եւրոպական Միութեան հետ համատեղ, Ֆրանսան լիովին հաւատարիմ կը մնայ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ արդար խաղաղութեան հաստատման», նշած է Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment