Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Միրզոյեան-Լաւրով-Պայրամով Եռակողմ Բանակցութիւնները

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Միրզոյեան-Լաւրով-Պայրամով Եռակողմ Բանակցութիւնները

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարներուն եռակողմ բանակցութիւնները։

Մինչ այդ երկկողմ հանդիպում ունեցած են Սերկրյ Լաւրովն ու Ճէյհուն Պայրամովը: Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է, որ շարունակական ուշադրութեան կեդրոնին են «Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող եւ անոր հետ կապուած բոլոր հարցերը»։

«Մենք կը գնահատենք, որ մեր ատրպէյճանցի բարեկամները կը հասկնան Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը։ Սա առանցքային հարցերէն մէկն է», Պայրամովի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է Լաւրով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment