Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկովեան Բանակցութիւններուն Ընդառաջ Ստեփանակերտը Կը Պահանջէ Անյապաղ Վերացնել Պաշարումը

Մոսկովեան Բանակցութիւններուն Ընդառաջ Ստեփանակերտը Կը Պահանջէ Անյապաղ Վերացնել Պաշարումը

by MassisPost

Մոսկովեան եռակողմ բանակցութիւններուն ընդառաջ Ստեփանակերտը կը պահանջէ անյապաղ վերացնել 40-օրեայ լիակատար պաշարումն ու անոր հետեւանքով Արցախի մէջ սրընթաց կերպով խորացող մարդասիրական աղէտը։

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը պնդէ, որ այդ պայմանը ապահովելէ յետոյ հնարաւոր պիտի ըլլայ անդրադառնալ հակամարտութեան բոլոր բաղադրիչներուն եւ որոշակիօրէն բարենպաստ միջավայրի մէջ քննարկել անոնց լուծման միջոցները։

«Խստագոյնս դատապարտելի է, որ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման, կողմերի միջեւ փոխվստահութեան միջավայրի ձեւաւորման փոխարէն Արցախի հարցում Ատրպէյճանի քաղաքական օրակարգի իրականացման հիմնական գործիքներից են Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումն ու արդէն լիակատար պաշարումը, կենսական ենթակառուցուածքների շարունակական խափանումը եւ անթաքոյց ցեղասպանական քաղաքականութեան վարումը», կը յայտնէ Արայիկ Յարութիւնեանը՝ ընդգծելով, որ Պաքուն Արցախի մէջ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կ’իրականացնէ, ինչ որ, Յարութիւնեանի գնահատմամբ, եռակողմ յայտարարութեան եւ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու կոպտագոյն խախտումներու անմիջական հետեւանք են։

Արցախի նախագահը կը շեշտէ, որ ժողովուրդը պատերազմէն յետոյ վերադարձած է «հաւատալով եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած երաշխիքներուն եւ յատկապէս ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութեան»։

«Պահանջում եմ 2020թ. Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան կողմերից գործնական քայլեր ձեռնարկել՝ ապահովելու Լաչինի միջանցքի իրաւական ռեժիմի անյապաղ վերականգնումը եւ երաշխաւորելու Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը՝ առնուազն Եռակողմ յայտարարութեամբ դրա Կողմերի ստանձնած պարտաւորութիւնների շրջանակում», յայտնած է նախագահ Յարութիւնեան եւ պնդած, որ «այդ նուազագոյն պայմանը ապահովելէ յետոյ հնարաւոր պիտի ըլլայ անդրադառնալ հակամարտութեան բոլոր բաղադրիչներուն եւ որոշակիօրէն բարենպաստ միջավայրի մէջ քննարկել անոնց լուծման միջոցները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment