Home Uncategorized Հայաստանի Նախագահը Աշխատանքային Այցով Իտալիա Կը Գտնուի

Հայաստանի Նախագահը Աշխատանքային Այցով Իտալիա Կը Գտնուի

by MassisPost

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը աշխատանքային այցով ժամանած է Իտալիա:

Խաչատուրեանը հանդիպումներ կ’ունենայ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի, Իտալիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախատեսուած է Վահագն Խաչատուրեանի մասնակցութիւնը Ամպրոզեթթի ուղեղային կեդրոնի եւ Ափրիկէի ու Մերձաւոր Արեւելքի Եւրոպական Ընկերակցական Խորհուրդի (ECAM Council)՝ «Համաշխարհային առաջնորդներն այսօր. բազմակողմանիութիւնը աւելի լաւ ապագայի համար» խորագիրը կրող միջոցառման:

Հայկական պատուիրակութիւնը արդէն այցելած է Սուրբ Ղազար կղզի, հանդիպած է Մխիթարեան Միաբանութեան հայրերուն հետ եւ ծանօթացած է կեդրոնի բարձրարժէք մշակութային ժառանգութեան ու ներկայիս գործունէութեան:

Վահագն Խաչատուրեան այցելած է նաեւ Վենետիկի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոսութիւն։ Հիւպատոս Գագիկ Սարուխանեանը նախագահին ներկայացուցած է հիւպատոսութեան օրակարգային հարցերն ու ծրագիրները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment