Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ «Փրկենք Մեղուներին» Վաւերագրական Ֆիլմի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն եւ Գիրքի Շնորհանդէս

«Փրկենք Մեղուներին» Վաւերագրական Ֆիլմի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն եւ Գիրքի Շնորհանդէս

by MassisPost

Հակառակ ամրան տօթին՝ Յուլիսի 14-ին ընտրանի բազմութիւն մը փութացած էր Կլենտէյլի Իրանահայ Միութեան հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ երեկոյթ նուիրուած Փրոֆ. Գագիկ Յարութիւնեանի եւ անոր լոյս ընծայած «Մեղուահասարակութեան առեղծուածըՙ («The Mystery of The Honey Bee Society») գիրքի շնորհանդէսը:

Սոյն միջոցառումին ներկայ էին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Լոս Անճելոսի Հայաստանի նախկին հիւպատոսներ՝ Արմէն Բայբուրեդան եւ Արմէն Մելգոնեան, ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի ատենապետ Վազգէն Խոտանեան, ինչպէս նաեւ մամուլի եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ Իրանահայ Միութեան անունով, ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ օրուան հանդիսավար՝ Թոմիկ Ալեքսանեան եւ դրուատանքով արտայայտուեցաւ հայրենի ծանօթ անձնաւորութիւններէն՝ Փրոֆ. Գ. Յարութիւնեանի տասնեակ տարիներու գիտա-հասարակական ծառայութիւններու եւ վաստակին մասին:

Սրտի խօսքով հանդէս գալով առաջնորդ Յովնան Սրբազան բնութագրեց Փրոֆ. Գագիկ Յարութիւնեանի աշխատանքային առանձնայատկութիւնները  ան նշեց … «Բացառիկ առաքելութիւններ կատարած սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն մըն է« նուիրեալ զաւակը մեր ազգին ու հայրենիքին, իսկ այսօրուան երախայրիքը՝ իր սէրն ու պաշտամունքն է հողին ու բնութեան նկատմամբ, քանի որ երկինք ու երկիր կ՝օրհնեն Աստուծոյ հրաշալիքները»: Ապա արեւշատ եւ քաջառողջ տարիներ մաղթեց յարգարժան հեղինակին:

Այնուհետեւ շահեկան տեղեկութիւններով ելոյթ ունեցաւ Գ. Յարութիւնեան եւ բնութագրեց մեղուներու մասին իր կատարած հետազօտութիւններու կարեւորութիւնն ու ոչ ցանկալի իրողութիւնները: Նախ շեշտեց մեղուներու հաւաքական եւ միացեալ ներդաշնակ կեանքն ու համակարգուած աշխատանքը, որ իմաստնացած է եւ վերածուած առեղծուածային հասարակութեան մը, որ ունի 100միլիոն տարուան պատմութիւն: Մեր հասարակութիւնն ալ պէտք է օրինակ առնէ մեղուներու հաւաքական միասնականութենէն…:

Փրոֆ. Գ. Յարութիւնեան ահազանգ հնչեցուց տեսնելով մեղուաբուծութեան բնագաւառին մէջ տարուէ տարի արձանագրուող զգալի նահանջի մասին: Արդարեւ, թէ համաշխարհային մակարդակով եւ թէ մասնաւորաբար ԱՄՆ-ի մէջ, ցուցանիշները յուսադրիչ ըլլալէ հեռու են: Քանի որ մեղրի արտադրութիւնը նուազած է 40 տոկոսով: Այս կապակցութեամբ՝ մասնագէտները մօտէն շահագրքրուած են մեղուի, մեղրի քանակի եւ որակի բարձրացման անհրաժեշտութեամբ: Իր կարծիքով եթէ մեղուները ոչնչանան, մարդկութիւնը ապրելու շատ կարճատեւ  ժամանակ մը կ՝ոնենայ…: Գալով, մեղրի ժամանակակից արտադրտեսակներուն եւ որակին՝ անոնցմէ 2% իսկական են (organic) 98% ոչ օրկանային…: Նշենք նաեւ որ Գ. Յարութիւնեան ունի 50 այլազան նիւթերով մենագրութիւններ, որոնցմէ երկուքը նուիրուած են բնութեան:

Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին «Փրկենք Մեղուներին՝ ինքներս  փրկելու ակնկալիքով» վաւերագրական ֆիլմը, որուն համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնն էր: Սոյն շահեկան ֆիլմին մէջ մեղուներու եւ մեղուաբուծութեան արժեւորում կատարեցին եւ յատուկ մեկնաբանուիթւններով ելոյթներ ունեցան տարբեր երկիրներու համբաւաւոր գիտնականներ եւ մասնագէտներ:

Աւարտին՝ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաներն առիթն ունեցան շնորհաւորելու փրոֆ. Գ. Յարութիւնեանը եւ գնելու իր նոր հրատարակած «Մեղուահասարակութեան Ստեղծումը» 423 էջերէ բաղկացած երկլեզու հատորէն օրինակներ:

Իր տեսակին մէջ բաձրամակարդակ միջոցառում մըն էր, որուն համար կը շնորհաւորենք կազմակերպիչները:

Գ. Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment