Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անհրաժեշտ Է Անհիմն Չշահարկել Հիւլէական Ուժանիւթի Անվտանգ Օգտագործումը. ՀՀ ԱԳ Նախարարը Հանդիպած Է ՀՈՄԳ Գլխաւոր Տնօրէնին

Անհրաժեշտ Է Անհիմն Չշահարկել Հիւլէական Ուժանիւթի Անվտանգ Օգտագործումը. ՀՀ ԱԳ Նախարարը Հանդիպած Է ՀՈՄԳ Գլխաւոր Տնօրէնին

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Յուլիս 18-ին, Վիեննայի մէջ հանդիպած է Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան (ՀՈՄԳ) գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Մարիանօ Կրոսսիի հետ: Հանդիպումը կայացած է նախարարին՝ Աւստրիա աշխատանքային այցի ծիրին մէջ։

Ինչպէս տեղեկացուցած Է ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն, զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ Հայաստանի եւ ՀՈՄԳ միջեւ հաստատուած է արդիւնաւէտ եւ սերտ համագործակցութիւն՝ ուղղուած Հայաստանի մէջ հիւլէական անվտանգութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ կարողութիւններու ամրապնդման ու հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ եւ անվտանգ օգտագործման:

«Հանդիպման ընթացքում քննակուել են Հայաստան-ՀՈՄԳ ընդգրկուն օրակարգի մի շարք հարցեր, մտքեր են փոխանակվել ուժանիւթի, առողջապահութեան, շրջակայ միջավայրի ոլորտներում իրականացուող նախագծերի եւ փոխգործակցութեան ընդլայնման հեռանկարների շուրջ: Ռաֆայէլ Կրոսսին գոհունակութիւն է յայտնել ՀՈԷԳ նախաձեռնութիւններում ՀՀ աշխոյժ ներգրաւուածութեան եւ աջակցութեան համար, այդ թւում՝ ՄԱԿ կլիմայական փոփոխութիւնների համաժողովի շրջանակներում ներկայացուելիք «Հիւլէական ուժանիւթի վերաբերեալ» յայտարարութեանը ՀՀ միանալու կապակցութեամբ։ Երկուստեք կարեւորուել է նաև ՀՈՄԳ «Յոյսի ճառագայթներ» (“Rays of Hope”) ծրագրին Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը՝ ուռուցքաբանութեան եւ մասնաւորապէս ճառագայթային բժշկութեան ոլորտում յառաջընթացի ապահովման նպատակով», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

Անդրադառնալով ՀՈՄԳ գործունէութեան եւ Հայկական Հիւլէական ելեկտրակայանի անվտանգ շահագործման շրջանակներուն մէջ իրականացուող ծրագիրներուն ու այս ուղղութեամբ առկայ երկարամեայ յաջողած փորձին՝ երկուստեք ընդգծուած է հիւլէական ուժանիւթի անվտանգ օգտագործման հարցը անհիմն քաղաքական շահարկումներէն զերծ պահելու անհրաժեշտութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment