Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արցախի Նախագահի Յուսահատական Քայլը

Արցախի Նախագահի Յուսահատական Քայլը

by MassisPost

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց որ, կը միանայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ նստացոյց կատարող քաղաքացիներուն՝ քննադատելով միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը Արցախահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ անոնց մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման նկատմամբ: Նախագահ  Յարութիւնեան սակայն չբաւարարուեցաւ պարզ խնդրանքներով այլ յայտարարեց որ, եթէ մէկ շաբթուան ընթացքին միջազգային միջամտութեամբ Արցախի ժողովուրդի վիճակը չվերադառնայ քիչ թէ շատ կայուն ու բնականոն հուն, ապա ան պիտի դիմէ աւելի կոշտ գործողութիւններու: Թէ ինչ գործողութիւններ նկատի ունի նախագահը  յստակ չէ, սակայն յստակ է որ, դանակը հասած է ոսկորին ու սպասելու ժամանակ չկայ այլեւս:

Նախագահի այս քայլը կը յաջորդէ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի վերջին յայտարարութիւններուն:

Ռուսական կողմը թէեւ աւելի խիստ կերպով կը պահանջէ Լաչինի միջանցքի բացումը, միւս կողմէ գործնական քայլերու դիմելու պատասխանատուութիւնը իր վրայէն նետելու փորձ կը կատարէ,  ըսելով թէ, Հայաստանը ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղը որպէս Ատրպէյճանի մաս: «Մենք կը յարգենք Հայաստանի ղեկավարութեան ինքնիշխան որոշումը, բայց այդ արմատապէս փոխած է այն հիմնարար պայմանները, որոնց ներքոյ ստորագրուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին կարգավիճակը: Կը կարծենք, որ այս պայմաններուն մէջ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ճակատագրին պատասխանատուութիւնը պէտք չէ տեղափոխուի երրորդ երկիրներու վրայ»,- ըսուած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Նախ Ռուսաստան անոնց շարքին էր, որ կը խրախուսէր Հայաստանը ճանչնալու Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը եւ աւելին կողմնակից էր «Զանգեզուրի միջանցքի» գաղափարին, որ կտրականապէս մերժուեցաւ Հայաստանի կողմէ: Երկրորդ, Ռուսաստան սկիզբէն իսկ թերացաւ կատարելէ 44-օրեայ պատերազմին աւարտին ստորագրուած  եռակողմ համաձայնութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: Երբ Ատրպէյճան կը յառաջանար խաղաղապահներու գօտիէն ներս, Ռուսական կողմը չկարողացաւ համապատասխան քայլերու դիմել: Երբ «բնապահպանները» փակեցին ճանապրահը, խաղաղապահները դարձեալ ջանք չըրին հեռացնելու զանոնք: Երբ, Ատրպէյճան անցակէտ զետեղեց Լաչինի մուտքին, դարձեալ նոյն անգործութիւնը: Հետեւաբար, պատասխանատուութիւնը իր վրայէն հեռացնելով Ռուսաստան կը փաստէ որ, ի վիճակի չէ պաշտպանելու իր շահերը կովկասեան տարածաշրջանէն ներս, իսկ Թուրքիան դարձած է կարեւոր դերակատար եւ այսօր նախագահ Էրտողան ինքնիրեն իրաւունք կը վերապահէ ըսելու որ, «2025 թուականին ռուս խաղաղապահները պէտք է հեռանան Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանէն»: Այս նոյն Թուրքիան, մի քանի օր առաջ, Ռուսաստանի հետ իր սիրային յարաբերութիւններուն դաւաճանելով մեկնեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին, ուր ամբողջապէս դիմափոխուելով՝ հաւատարմութիւն յայտնեց Արեւմուտքին եւ վերցուց Շուէտի անդամակցութեան դէմ դրած իր վէթոն ու խոստացաւ «Պայրաքտարներու» գործարան կառուցել Ուքրանիոյ մէջ: Հետեւաբար, Արցախի ժողովուրդի դիմագրուած դժուարութիւններու պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ առաջին հերթին Ռուաստանի վրայ եւ ոչ թէ Հայաստանի:

Արցախի նախագահի վրդովմունքի պատճառներուն մէջ կ՛ինայ նաեւ  Պրիւքսէլի մէջ կայացած Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ հանդիպումի աւարտին Եւրոպային Խորհուրդի նախագահի այն խօսքերը, որոնք կը տարբերէին պրիւքսէլեան նախորդ հանդիպումի աւարտին անոր կատարած յայտարարութիւններէն: Միշել այս անգամ խօսեցաւ Աղտամով մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու մասին՝ վիրաւորելով Արցախահայութեան արժանապատուութիւնը: Ան օգտագործեց նաեւ «Լաչինի ճանապարհ» եզրը՝ փոխանակ Լաչինի միջանցք ըսելու, այդպիսով որդեգրելով Ատրպէյճանական կողմի տեսակէտները:

Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը կը խորանայ եւ նախագահ Յարութիւնեան իր այս քայլով Ռուաստանը, Արեւմտեան երկիրներն ու Եւրոպական կառոյցները կը դնէ պատասխանատուութեան առջեւ, որպէսզի անոնք չբաւարարուին պարզ կոչերով՝ այլ դիմեն գործնական եւ ազդու քայլերու:

Աշխարհի տարբեր մէկ անկիւնին մէջ եթէ 120 հազար բնակչութիւն գտնուէին սովամահ ըլլալու վտանգին առջեւ շատ երկիրները պիտի փութային օգնութեան հասցնելու: Արցախի նկատմամբ անհասկանալի այս անտարբերութիւնը վերջ պէտք է գտնէ: Նախագահ Յարութիւնեան կը ձգտի հասնիլ հոն եւ տողատակով իր կատարած սպառնալիքները պէտք ունին լսող ականջներու:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment