Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գանատան Կը Միանայ Հայաստանի Մէջ ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան

Գանատան Կը Միանայ Հայաստանի Մէջ ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան

by MassisPost

Եւրոպական Խորհուրդի Քաղաքական եւ Անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան աջակցելու՝ Գանատայի առաջարկին։ Այս մասին նշուած է յանձնաժողովի Յուլիս 18-ի որոշման մէջ։

«Գանատայի ներդրումը Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան (EUMA) ընդունուած եւ նշանակալի կը համարուի։ Գանատան ազատուած է առաքելութեան պիւտճէ կատարուող ֆինանսական ներդրումներէն», կ’ըսուի որոշման մէջ։

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը ողջունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան մաս դառնալու Գանատայի նախաձեռնութիւնը։ Այս մասին նշուած է ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Թուիթըրի պաշտօնական էջով։

«Մենք ողջունում ենք Հայաստանում Եւրոպական քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան մաս դառնալու Գանատայի նախաձեռնութիւնը եւ այն դիտարկում որպէս կարեւոր ներդրում Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանում կայունութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման գործում առաքելութեան դերի մէջ», նշած են ՀՀ ԱԳՆ-էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment