Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Թուրքիան 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութեան Կողմ Չէ. Զախարովան՝ Էրտողանի Յայտարարութեան Մասին

Թուրքիան 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութեան Կողմ Չէ. Զախարովան՝ Էրտողանի Յայտարարութեան Մասին

by MassisPost

Թուրքիան 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան կողմ չէ, ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ մեկնաբանելով Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի խօսքերը Լեռնային Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման ժամկէտներու վերաբերեալ։

Յուլիս 12-ին Վիլնիւսի մէջ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովէն յետոյ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը վստահութիւն յայտնած է, որ մինչեւ 2025 թուականը ռուս խաղաղապահները պիտի լքեն Լեռնային Ղարաբաղը։ Ան համոզուած է, որ «Ռուսաստանը հաւատարիմ պիտի մնայ այս համաձայնագրին»։

«Անգարան Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան կողմ չէ: Այս փաստաթուղթի հիման վրայ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը տեղակայուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ: Եւ այս փաստաթուղթին մէջ ուրուագծուած են զօրախումբի տեղակայման ժամկէտները, ինչպէս նաեւ հերթական հնգամեայ ժամանակահատուածին անոր հնարաւոր երկարաձգման յարաչափերը», նշած է ռուս դիւանագէտը:

Ան յիշեցուցած է, որ խաղաղապահները կը շարունակեն կարեւոր կայունացնող դեր խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Աոնց հիմնական գործառոյթը զինադադարին աջակցիլն է։

Հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ տիրող լարուած իրավիճակը՝ զօրախումբի գործունէութիւնն ալ աւելի պահանջուած է, ըսած է ռուս դիւանագէտը։

«Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան պահպանումը կը բխի ինչպէս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի, այնպէս ալ տարածաշրջանի այլ երկիրներու՝ ներառեալ Թուրքիոյ շահերէն», յաւելած է Զախարովան։

Զախարովան անդրադարձած է նաեւ Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպման կայացման հնարաւորութեան եւ նշած, որ անոր «հաւանականութիւնները լաւ» են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment