Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էտուարտ Ասրեանը Չարլզ Պրաունիի Հետ Քննարկած Է Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի Ռազմաօդային Ուժերու Համագործակցութեան Հնարաւորութիւնները

Էտուարտ Ասրեանը Չարլզ Պրաունիի Հետ Քննարկած Է Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի Ռազմաօդային Ուժերու Համագործակցութեան Հնարաւորութիւնները

by MassisPost

ԱՄՆ աշխատանքային այցի ծիրին մէջ, Յուլիս 18-ին, ՀՀ Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը հանդիպումներ ունեցած է ԱՄՆ զինուած ուժերու միաւորուած շտաբներու պետերու նախագահի տեղակալ, ծովակալ Քրիսթոֆըր Կրետիի եւ ԱՄՆ ռազմաօդային ուժերու շտաբի պետ, զօրավար Չարլզ Պրաունի հետ: Այս մասին յայտնած են Պաշտպանութեան Նախարարութենէն։

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են հայ-ամերիկեան պաշտպանական գործընկերութեան ներկայիս ընթացքին, յառաջիկայ ծրագիրներուն, համատեղ միջոցառումներու կայացման, «Հրամանատրի մէջ առաջադրանքի միջոցով» հայեցակարգի եւ արհեստավարժ սերժանթական համակարգի ներդրման, ինչպէս նաեւ ռազմաօդային ուժերու ոլորտին մէջ աւելի լայն համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն ու տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment