Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքը Պէտք Է Բաց Ըլլայ, Իսկ Աղտամով Անցնող Ճանապարհը Պէտք Է Լաչինի Միջանցքի Լրացումը Ըլլայ․ Թոյվօ Քլաար

Լաչինի Միջանցքը Պէտք Է Բաց Ըլլայ, Իսկ Աղտամով Անցնող Ճանապարհը Պէտք Է Լաչինի Միջանցքի Լրացումը Ըլլայ․ Թոյվօ Քլաար

by MassisPost

ԵՄ-ն կ’աշխատի այնպիսի լուծման վրայ, որ պիտի երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, որպէսզի մարդիկ իրենց տուներուն մէջ կարենան իրենց ապահով զգալ:

Այս մասին “Alpha News”-ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ ըսած է Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը։

«ԵՄ-ի մէջ տարբեր մասնակիցներու հետ հանդիպումներ տեղի ունեցած են՝ ուղղուած իրավիճակի հանգուցալուծման։ Ես չեմ ըսեր, որ այդ պարզ գործընթաց է, բայց մենք լիովին եւ բացարձակապէս ներգրաւուած ենք՝ տարբեր միջազգային գործընկերներու հետ իրավիճակի լուծումներ գտնելու գործընթացին մէջ։ Մենք կ’աշխատինք այնպիսի լուծման վրայ, որ պիտի երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, որպէսզի մարդիկ իրենց տուներուն մէջ իրենց ապահով զգան։ Մենք կը ձգտինք Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան հաստատման։ Ես կը կարծեմ, եւ բոլորը կը կարծեն, որ այդ լուծումներ գտնելու ճանապարհին կարեւոր գործօն է: Լաչինի միջանցքը պէտք է բաց ըլլայ, իսկ Աղտամով (Ակնա) անցնող ճանապարհը պէտք է Լաչինի միջանցքի լրացումը ըլլայ», ըսած է Քլաար:

Ան շեշտած է, որ կը հասկնան բոլորին զգացմները, եւ շատ յստակ յայտարարած են, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է բանալ։ «Բայց, միեւնոյն ժամանակ, ես կը կարծեմ, որ պէտք է օգտուիլ որեւէ առաջարկէ՝ ոչ որպէս այլընտրանք Լաչինի միջանցքին, այլ որպէս լրացում», “Alpha News”-ին ըսած է ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment