Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Կ’ակնկալէ, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Գործի Կը Դնէ Համապատասխան Գործիքակազմը՝ Ի Կատար Ածելու Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Որոշումները

Հայաստան Կ’ակնկալէ, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Գործի Կը Դնէ Համապատասխան Գործիքակազմը՝ Ի Կատար Ածելու Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Որոշումները

by MassisPost

Արդէն 7 ամիսէ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին հետ կապող կեանքի ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը, կը շարունակէ ապօրինաբար արգելափակուած ըլլալ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ։

Այս ամիսներու ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին շուրջ ծաւալած բոլոր գործողութիւնները՝ կեղծ բնապահպաններու ցոյցերէն մինչեւ միջանցքի անցակէտի տեղադրում եւ հանրահռչակուած «պատժիչ» նպատակներով տեղաշարժի արգելափակում, կ’ապացուցեն, որ այս քայլերը յստակօրէն ծրագրուած են ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ եւ միտուած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար կեանքի հետ անհամատեղելի պայմաններ ստեղծելուն եւ ցեղային զտումներու ենթարկելուն։

Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող այս գործողութիւնները ոչ միայն ուղղակիօրէն կը հակասեն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, այլեւ բացայայտ արհամարհանք են քաղաքակիրթ հանրութեան՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը վերացնելու կոչերուն, տարբեր խորհրդարաններու կողմէ ընդունուած բանաձեւերուն եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին՝ Փետրուար 22-ի եւ Յուլիս 6-ի իրաւաբանական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումներուն։ Հարկ կը համարենք եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ Դատարանը իր վերջին որոշումով փաստեց, որ Ատրպէյճանի պնդումները, թէ վերջինս կ’իրականացնէ Դատարանին Փետրուար 22-ի` Լաչինի միջանցքով անձերու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը ապահովելու վերաբերեալ որոշումը, աղերս չունին իրականութեան հետ։

Այս ամիսներու ընթացքին Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամը, որ մինչ այժմ կ’ուղեկցուի Ատրպէյճանի կողմէ արդէն քանի մը ամիսէ շարունակուող կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խաթարմամբ, կը շարունակէ աւելի վատթարանալ։

Յունիս 15-էն ամբողջութեամբ դադրեցուած է Լեռնային Ղարաբաղ սնունդի մատակարարումը։ Եթէ Լաչինի միջանցքի անխափան գործելու պարագային Լեռնային Ղարաբաղը կը ստանար շուրջ 400 թոն բեռ, իսկ Դեկտեմբեր 12-էն յետոյ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին միջոցով կը փոխադրուէր անկէ տասնեակ անգամներով պակաս սնունդ, ապա այժմ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կանգնած է սովի մատնուելու իրական վտանգի առջեւ, քանի որ որեւէ ապրանքի մատակարարում ի սպառ արգիլուած է։ Նախօրէին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած այն տեղեկութիւնները, որ փորձ կատարուած է տեղափոխել ծխախոտ եւ բջջային հեռախօսներու մարտկոցներ, մէկ կողմէ ցոյց կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ճարահատ եւ արժանապատուութիւնը ոտնահարող իրավիճակը, միւս կողմէ եւս մէկ անգամ կ’ապացուցէ բեռներու անխոչընդոտ տեղաշարժի չգործելու փաստը։

Նոյնպիսի իրավիճակ ստեղծուած է նաեւ առողջապահական ոլորտին մէջ։ Յստակօրէն կը նկատուի պատշաճ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու համար ահրաժեշտ դեղորայքի պակաս, ինչի հետեւանքով շարք մը խոցելի եւ լիարժէք բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող խումբեր՝ քաղցկեղով եւ շաքարախտով տառապող անձեր, յղի կանայք, մանկահասակ երեխաներ, կանգնած են լրջագոյն առողջական խնդիրներու առջեւ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արդէն իսկ կը նկատուի մահացութեան կշռոյթներու աճ։

Այս ընթացքին անյապաղ բժկական օգնութիւն ստանալու նպատակով ԿԽՄԿ միջոցով Հայաստան կրցած են փոխադրուիլ միայն քանի մը տասնեակ հիւանդներ եւ անոնց ուղեկցող անձեր։ Անոնք ստիպուած եղած են անցնիլ մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող գործընթացներով, նկարահանուած եւ որպէս գործիք օգտագործուած են ատրպէյճանական քարոզչամեքենային կողմէ՝ ապացուցելու, որ Լաչինի միջանցքով իբրեւ թէ կը գործէ մարդոց անխափան անցում։

Ցաւալի է արձանագրել, որ միջազգային հանրութեան եւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնները այս ամիսներու ընթացքին տակաւին չեն յաջողած ապահովել իրենց մարդասիրական մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ՝ համապատասխան փաստահաւաք առաքելութիւն իրականացնելու եւ մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով։

Նման իրավիճակի մէջ Հայաստանը կ’ակնկալէ, որ միջազգային հանրութիւնը գործի կը դնէ համապատասխան գործիքակազմը՝ ի կատար ածելու Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Փետրուար 22-ի եւ Յուլիս 6-ի իրաւաբանական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումները՝ Լաչինի միջանցքը բանալու մասին: Սա անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական աղէտը կանխելու եւ Ատրպէյճանի վարած ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը կանգնեցնելու նպատակով։ Քաղաքակիրթ աշխարհը չի կրնար եւ պէտք չէ հանդուրժէ նման գործողութիւնները եւ Միջազգային Դատարանի իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող որոշման արհամարհումը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment