Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Կ’աջակցի Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Բանակցութիւններու Շարունակման

ԱՄՆ Կ’աջակցի Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Բանակցութիւններու Շարունակման

by MassisPost

ԱՄՆ կ’աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու շարունակման,  ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըրը։

«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ համաձայնութիւնը հնարաւոր է, եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք հետագայ բանակցութիւններուն յառաջիկայ ամիսներուն», ըսած է Միլլըր:

Հարցումին, թէ կը տեսնէ՞ բանակցային գործընթացի շարունակութիւն այդ շարքին նաեւ Ուաշինկթընի մէջ, խօսնակը չէ պատասխանած:

Յունիսի վերջը Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւններու աւարտին միասնական հաղորդագրութիւն տարածուեցաւ, ըստ որուն՝ կողմերը համաձայնեցուցած են համաձայնագրի նախագիծի եւս քանի մը յօդուած եւ «արձանագրել փոխըմբռնման յառաջընթաց»:

Յուլիս 21-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւններ նախատեսուած են Պրիւքսէլի մէջ՝ Եւրոմիութեան Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment