Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թագուհի Թովմասեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցուեցան՝ Որպէս ԱԺ Մշտական Յանձնաժողովի Նախագահ

Թագուհի Թովմասեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցուեցան՝ Որպէս ԱԺ Մշտական Յանձնաժողովի Նախագահ

by MassisPost

62 կողմ եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ, փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ, իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը զրկեց ընդդիմադիր պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեանը խորհրդարանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն։

Հիմնական զեկուցող Յովիկ Աղազարեան ելոյթ ունեցաւ՝ ներկայացնելով իշխանութեան հիմնաւորումները։ Անոր ոեւէ պատգամաւոր հարց չտուաւ, ելոյթ չունեցաւ, եզրափակիչ ելոյթի կարիք ալ չառաջացաւ։

Աղազարեան միայն նշեց, որ ընդդիմադիր պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեանը չէ մասնակցած Ազգային Ժողովի Խորհուրդի նիստերուն՝ 46 նիստերէն բաց թողելով 38-ը, ինչ որ բացասաբար ազդած է յանձնաժողովի աշխատանքներուն վրայ։

Իշխանութեան հիմնաւորմամբ, Թովմասեան նաեւ անտարբերութիւն դրսեւորած է եւ չէ պաշտապանած մարդու արժանապատուութիւնը ոտնահարող եւ վիրաւորանք պարունակող յայտարարութիւններէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment