Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Պիտի Ստեղծուի Ոստիկաններու Եւ Փաստաբաններու Յանձնախումբ՝ Արձագանգելու Ոստիկաններու Բռնութիւններուն

Պիտի Ստեղծուի Ոստիկաններու Եւ Փաստաբաններու Յանձնախումբ՝ Արձագանգելու Ոստիկաններու Բռնութիւններուն

by MassisPost

Պիտի Ստեղծուի Ոստիկաններու Եւ Փաստաբաններու Յանձնախումբ՝ Արձագանգելու Ոստիկաններու Բռնութիւններուն

Ընդդէմ ոստիկանական բռնութիւններու արդէն երկրորդ անգամ գործադուլ յայտարարած փաստաբանները ընդունեց ներքին գործերու նախարար Վահէ Ղազարեանը։

Փաստաբանական պալատէն ոստիկանութեան կեդրոնական շէնքին մօտ քայլերթով հասած փաստաբաններուն հետ աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումէն յետոյ որոշուեցաւ յուշագիր ստորագել։ Փաստաբան Արա Զոհրապեան մանրամասնեց, որ յուշագրով պիտի ստեղծուի ոստիկաններէ ու փաստաբաններէ կազմուած յանձնախումբ՝ արձագանգելու ոստիկաններու բռնութիւններուն։

«Այսուհետ նման դէպքերը փաստաբանների հետ կապուած, չի լինի նման դէպք, մենք ամէն ինչ կ’անենք, որ նման դէպքեր այլեւս չկրկնուեն, ու տարբեր հաւաստիացումներ եղան, նաեւ այդ յանձնախմբի ձեւաւորման գաղափարն էլ, որը քննարկուեց, դրա հետ կապուած, որ նման դէպքեր լինելու դէպքում փաստաբանները արագ կը զանգեն այդ յանձնախմբին, որի մէջ կը լինեն երեք փաստաբան, երեք ոստիկան», ըսաւ ան։

Տեւական ժամանակէ փաստաբանները կ’ահազանգեն ոստիկանական բաժանմունքներուն մէջ իրենց պաշտպանեալներու եւ փաստաբաններու նկատմամբ բռնութիւններու մասին։ Առաջին միջադէպը Փետրուարին էր Էրեբունիի ոստիկանական բաժնին մէջ՝ ոստիկանները ծեծած էին փաստաբաններ Մարզպետ Աւագեանն ու Էմանուէլ Անանեանը ու անոնց՝ անչափահաս պաշտպանեալները։ Երկրորդ դէպքը մէկ ամիս առաջ էր՝ Կեդրոնի բաժնին մէջ բռնութեան ենթարկուած էր փաստաբան Կարէն Ալավերտեանն ու անոր պաշտպանեալը։ Այս երկու դէպքերով քրէական գործ յարուցուած էր։ Կարէն Ալավերտեան տեղեկացուց, որ իր պաշտպանեալը խոշտանգելու գործով երկու ոստիկանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է, կասեցուած է անոնց պաշտօնավարումը։ Գործը կը քննէ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment