Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Կը Շարունակէ Պնդել, Թէ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Հայաստանին Կը Պատկանի

Ատրպէյճանը Կը Շարունակէ Պնդել, Թէ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Հայաստանին Կը Պատկանի

by MassisPost

Հայաստանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ սխալ քաղաքականութեան, կը յայտարարէ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը ի պատասխան Հայաստանի վարչապետին՝ կառավարութեան նիստի ընթացքին կատարուած յայտարարութիւններուն:

Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, մասնաւորապէս, որ «Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուոր չունի, թէեւ Ատրպէյճանը կը շարունակէ Հայաստանէն պահանջել այնտեղէն դուրս բերել Հայաստանի բանակի ստորաբաժանումները»։ Ըստ վարչապետին՝ «Լեռնային Ղարաբաղում գործող ԼՂ Պաշտպանութեան բանակի գոյութեան պատճառները ամէն օր կարելի է գտնել Ատրպէյճանի պաշտօնական քարոզչութեան եւ գործողութիւնների մէջ, որի անթաքոյց էութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերին ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան ենթարկելն է»։

Պաքուն կը պնդէ, որ եռակողմ յայտարարութեան համաձայն Հայաստանը պարտաւոր է հայկական ուժերը դուրս բերել Ատրպէյճանի տարածքէն, եւ դաձեալ յայտարարելը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներկայ «զինուած ստորաբաժանումները չեն պատկանիր Հայաստանին, կը հակասէ տրամաբանութեան», քանի որ, ըստ ատրպէյճանական կողմին, Արցախի զինուած ստորաբաժանումները կը գտնուին «Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հրամանատարութեան ներքոյ, եւ անոնց ներկայացուցիչներն ալ կը դատուին Հայաստանի դատարաններուն կողմէ»։

Պաքուն կը յայտարարէ, որ «եթէ հայկական կողմը իսկապէս շահագրգռուած է խաղաղութեամբ, պէտք է ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով յարգէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, անյապաղ դուրս բերէ հայկական զինուժը Ատրպէյճանի տարածքէն, որ վտանգ կը ներկայացնէ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment