ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի 2023 թուականի եզրափակիչ փաստաթուղթը՝ նախօրէին ընդունուած Վանքուվըրի հռչակագիրը Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ դուրս բերելու զինուած ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, ապահովելու մարդոց եւ ապրանքներու անխոչընդոտ անցումը Լաչինի միջանցքով՝ ըստ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Փետրուար 22-ի որոշման, նաեւ Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ միջազգային հանրութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ ձեւաւորելու դրական օրակարգ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով:
Հռչակագիրը կոչ կ’ընէ ազատ արձակելու բոլոր պահուող անձերը եւ ճշդելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին անհետ կորսուած բոլոր անձերու ճակատագրերը, պաշտպանելու տարածաշրջանին մշակութային ժառանգութիւնը եւ աջակցելու ականազերծման գործընթացին:
Փաստաթուղթը կը խրախուսէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին շարունակել բանակցութիւնները համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման ուղղութեամբ՝ հիմք ընդունելով միմեանց տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, կ’ողջունէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ջանքերը, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան եւ փոխվստահութեան կառուցման։
«ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովը ընդունեց Հայաստանի պատուիրակութեան բոլոր առաջարկները», Ֆէյսպուքով գրած է ՀՀ Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, ԵԱՀԿ ԽՎ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Սարգիս Խանտանեանը:
Գանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ ԽՎ ամառնային նստաշրջանին Խանտանեանը նաեւ ընտրուած է Վեհաժողովի ժողովրդավարութեան, Մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական հարցերու յանձնաժողովի փոխնախագահ:

