Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արեւմտեան Ափը Կ՛Օժտուի Կրթական Նոր Կառոյցով՝ «Նարինյան» Դպրոցով

Արեւմտեան Ափը Կ՛Օժտուի Կրթական Նոր Կառոյցով՝ «Նարինյան» Դպրոցով

by MassisPost

Վերջին տասնամեակներուն, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին կարեւոր օղակ մըն է Նարինյան Դպրոցի բացումը Կլենտէլի հայահոծ մեր գաղութէն ներս։

Անցնող տարիներուն, Արեւմտեան Թեմը ոչ մէկ ջանք չխնայելով ի խնդիր մայրենի Եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքի պահպանութեան, իր լայնածաւալ առաքելութեան զուգահեռ, օրակարգի կիզակէտ դարձուց նոր սերունդի հայապահպանութեան հարցը եւ մեր ոսկեղնիկ լեզուի ուսուցումը։

Մարդ արարածին համար հրամայական ու պարտադիր քայլ մըն է մանաւանդ պատանի իր տարիքէն սերտօրէն կապուած մնալ եւ քայլ պահել գիտութեան յառաջդիմութեան հետ՝ յաճախելով կրթական հաստատութիւն՝ դպրոց։ Իսկ աշխարհացրիւ հայ մարդուն համար, հայ դպրոց ունենալն ու զայն պահելը հրատապ խնդիր է, որովհետեւ հայ դպրոցի առաքելութիւնը եղած է ու պիտի մնայ հայը հայ պահել եւ անոր մէջ հայրենասիրութիւն սերմանել։ Հետեւաբար, Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու մէջ ամէնօրեայ հայկական դպրոցը մեծ եւ անփոխարինելի դեր ունեցած է եւ ունի։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափերուն վրայ գնահատելի ջանադրութեամբ եկեղեցի եւ դպրոց կառուցել, լեզու եւ մշակոյթ պահել, կը նշանակէ մեր նոր սերունդի զաւակներուն մէջ կենդանի ու կանգուն պահել մեր  դարաւոր հաստատութիւնները:

Մանկապարտէզէն մինչեւ հինգերորդ դասարան ընդգրկող Նարինյան Դպրոցի բացումն ու առաքելութիւնը Արեւմտեան Թեմի գաղութներէն՝ հայահոծ Կլետէլի մէջ, եզակի ցուցանիշ է, թէ հայուն մէջ կը շարունակէ ապրիլ հաւատքը, հայրենի հողը, լեզուն եւ մշակոյթը, եւ մանաւանդ ամրագրելու այն հաստատ համոզումը, թէ մեր հայրենակիցներուն հաւատարմութիւնն ու աջակցութիւնը Հայ Եկեղեցիին եւ դպրոցին նկատմամբ կը մնայ անխախտ։

Անցնող տարիներու ընթացքին երբ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ կեանք առին եւ ծաղկեցուցին Արեմտեան Թեմը, այսօր, առաւել խստապահանջութեամբ եւ աչալրջութեամբ պիտի շարունակենք մեզի վստահուած  քրիստոնէական ու հայեցի կրթութեան առաքելութիւնը։

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ձեր զաւակները արձանագրելու համար զանգահարել կամ կապուիլ․-
ՆԱՐԻՆՅԱՆ ԴՊՐՈՑ, Կլենտէլ․
Մանկապարտէզէն Հինգերորդ դասարան
818.558.7474
[email protected]

NARINYAN SCHOOL in Glendale
Opening Soon!
Preschool through 5th Grade
For enrollment please call or email:
[email protected]
818.558.7474

214 W Fairview Ave,
Glendale, CA, 91202

Դիւան Առաջնորդարանի

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment