Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կնիազ Իբոյեանը Յաղթեց Թուրք Մրցակիցին Եւ Նուաճեց Ոսկէ Մետալ

Կնիազ Իբոյեանը Յաղթեց Թուրք Մրցակիցին Եւ Նուաճեց Ոսկէ Մետալ

by MassisPost

Կնիազ Իբոյեանը ոսկէ մետալ նուաճեց Սպանիոյ Սանտիակօ տէ Կոմփոստելա քաղաքին մէջ կատարուող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան:

92 քկ  կարգի եզրափակիչին Մ23 Եւրոպայի փոխախոյեանը գօտեմարտեց թուրք Մուհամէտ Կիմրիի հետ եւ յամառ պայքարի ընթացքին  յաղթանակ հասաւ 3:2 արդիւնքով:

Հայաստանի խումբը ազատ ոճի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան պայքարը աւարտեց 1 ոսկէ, 3 արծաթէ եւ 2 պրոնզէ մետալներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment