Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Երիտասարդ Ձայներ – «Դիցաբանական Առասպելներ» (Tales Of The Myths)

Երիտասարդ Ձայներ – «Դիցաբանական Առասպելներ» (Tales Of The Myths)

Նարա Էքսիկեանի Գրական Սխրանքը

by MassisPost

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Նարա Էքսիկեան Իրեն Տարեկից Բազմահազար Պարմանի-Պարմանուհիներուն Նման  Երկրորդական Վարժարանէն Շրջանաւարտ Պիտի Ըլլայ Յունիս 2025 Թուականին։

Բայց Մինչ Այդ Ան Հետաքրքրական Ճամբորդութեան Մը Ձեռնարկած Է, Տեսակ Մը Ուխտագնացութիւն՝ Իր Երազներու Եւ Իղձերու Իրագործման Հետամուտ։

Այդ Երազներու Եւ Իղձերու Հետապնդումի Եւ Իրագործումի Ճամբուն Վրայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն Եւ Աշխարհի Չորս Ծագերուն Գործող  «Ամազոն» Ընկերութեան Պատկանող Հրատարակչութիւնը  Անցնող Ապրիլին Լոյս Ընծայած Է Երեք Տարիներու Տքնաջան Աշխատանքի Եւ Հետազօտութեան Արդիւնք Եղող «Դիցաբանական Առասպելներ» (Tales Of The Myths)  Խորագրուած Եւ 250 Էջերէ Բաղկացած Նարայի  Անգլիագիր Նորավէպը Որ Անհեթեթի (Fantasy) Գրական Սեռին Կը Պատկանի։

Նորավէպի Այս Հրատարակութիւնը  Նշանակալից Եւ Յատկանշական  Այլ Զարգացում Մը Կը Ներկայացնէ Նաեւ։ Արդարեւ, Անգլերէն Լեզուով Գրուած Եւ Հրատարակուած Այս Գիրքի  Հիմնական Բաղկացուցիչը Խարսխուած Է Հայ Դիցաբանութեան Եւ Պանթէոնին Պատկանող Կերպարներու  Վրայ Եւ Կը Հանդիսանայ Առաջին Նման Ներդրումը Գրական Այդ Սեռին Մէջ ։

«Ես Այս Գիրքը Գրեցի Որովհետեւ Պակաս Մը Գրական Այդ Սեռին Մէջ Պակաս Մը Տեսայ» Կ՛Ըսէ Պարմանի Հեղինակը։ «Անհեթեթի Նորավէպերը Ընդհանրապէս Կը Զբաղին Յունական, Հռոմէական, Եգիպտական, Հնդկական Դիցաբանութեան Նիւթերով, Բայց Հայկական Դիցաբանութենէ Ներշնչուած Ոեւէ Նորավէպ Չի Գտայ։ Ուստի Որոշեցի Նորավէպի Այս Գրական Սեռին Մէջ Հայ Դիցաբանութիւնը Մտցնել Եւ Հայ Ժառանգութիւնը Ներկայացնել։ Այս Աշխատանքի Եւ Պրպտումի Ընթացքին Ես Ներշնչուեցայ Զանազան Աղբիւրներէ, Վաւերագրական Տուեալներէ, Բարեկամներէ Եւ Ընտանեկան Պարագաներէ Հաւաքուած Տեղեկութիւններէ , Ինչպէս Նաեւ Օգտուեցայ Հօրս Գիրքերէն»։

Նարայի Անունը Առաջին Անգամ Չէ Որ Կը Զարդարէ Գիրքի Մը Կողքը։

Ասկէ Առաջ «Ուսողութիւն Եւ Անջրպետ» ( Math And Outer Space, 2018)  Եւ «Մոլորակները, Անոնց Անունները Եւ Արեւային Դրութիւնը» ( Planets And Their Names And The Solar System, 2019) Գիրքերով Ան Ներկայացած Էր Անգլիախօս Հանրութեան  Իբրեւ Մանուկ Հեղինակ։ Այդ Սկզբնական Քայլերուն Մէջ Նարան Բնական Հետաքրքրութենէ Մղուած Մեզ Շրջապատող Տիեզերքը  Կը Զննէր Ու Իր Յայտնութիւններուն Բաժնեկից Կ՛Ընէր Մեզ ։

«Դիցաբանական Առասպելներ» Գիրքը Նարայի Գրական Նախափորձերու Անդաստանէն Ներս Մեծ Ոստում Մը Կ՛Արձանագրէ։ Գիրքի Ընթերցումէն Ակնյայտ Կը Դառնայ Անոր Անգլերէն Լեզուի, Կառոյցի, Գրական Եւ Խօսակցական Ոճի Կապակցութեամբ Ունեցած Հիմնական Հմտութիւնը  Որ Պատիւ Կը Բերէ Իրեն։ «Ես Ազդուած Եմ Բազմաթիւ Հեղինակներու Գործերէն, Բայց Մասնաւորապէս Րիք Րիորտանի «Փէրսի Ճէքսըն Եւ Ողիմպիականները» (Rick Riordan, “Percy Jackson And The Olympians) Շարքէն, Կ՛Ըսէ Նարա։

Նորավէպին Մէջ 13 Տարեկան «Ապրիլ» Կոչուած Աղջնակ Մը Կը Ձեռնարկէ  Դժուարին Եւ Վտանգաւոր  Առաքելութեան Մը Փրկելու Համար Իրեն Ընկերակից Եւ Մտերիմ  Շնիկը՝ «Թէտին»։ Նորավէպին Մէջ «Թէտին» Հայ Դիցաբանութեան Մէջ Յիշուող «Յարալէզ»Ն  Է, Տեսակ Մը Չաստուած Որ Մահուան Դէմ Ծանր Պայքար Կը Մղէ Եւ Համաստեղութեան Մէջ Յաւիտեանս Կորսուելու Վտանգին Առջեւ Կը Գտնուի։ Ուրեմն Պատմութեան Հանգոյցը Եւ Շարժակ Հանդիսացող Գաղափարը Պարզապէս Կը Դառնայ Այն Հարցի Շուրջը Թէ Արդեօք Ապրիլ Պիտի Կարենա՞Յ Իրեն Ընկերակից Եղող Շնիկը , Եւ Անոր Բախտակից Չաստուածները Փրկել Ստոյգ Մահէ Եւ ՚Աւերուածութենէն։ Պատմութեան Այս Խորքը Առիթ Կ՛Ընծայէ Նարային Ստեղծելու Թատերական Բարդ Կացութիւններ Ուր Իր Կերպարները Կը Զարգանան Եւ Ինքնութիւն Կը Ստանան։

Անհեթեթի Նորավէպը Իբրեւ Գրական Սեռ Ունի Իր Օրէնքները, Օրինաչափերը Եւ Եզրերը։ Իբրեւ Այնպիսին Ան Կը Գործէ Կախարդական Աշխարհի Մը Սահմաններէն Ներս , Յենուելով  Աւանդական Առասպելներու, Դիցաբանութիւններու Եւ Տարաշխարհիկ Արարածներու Եւ Կերպարներու Վրայ։ Յաճախ Փոխ Կ՛Առնէ Իրական Աշխարհէն Դէպքեր Եւ Գաղափարներ, Մանաւանդ Պատմական Հին Շրջանէն Եւ Միջնադարէն, Ստեղծելու Իւրօրինակ Աշխարհ Մը։ Անհեթեթի Նորավէպը Ընթերցողը Կը Փոխադրէ Առասպելական Աշխարհ Մը Ուր Վիշապներ Ահ Ու Սարսափ Կը Սփռեն Իրենց Շուրջը Եւ Ուր Գերհզօր Ոյժեր Ուրիշներու Վրայ Գերակայութիւն Ձեռք Ձգելու Կը Ձգտին։ Այս Երեւակայածին Աշխարհին Մէջ Բարին Եւ Չարը Կը Պայքարին Իրարու Դէմ, Հերոս Կերպարը ,Եւ Նոյնիսկ Անարգը, Կը Ձգտին Տիրանալու Իշխանութեան, Ուժի Կամ Գիտութեան  Ճամբով Լաւ Կամ Վատ Ազդեցութիւն Բանեցնելու Հասարակութեան Վրայ ։ Թէեւ Պատմութեան Հանգոյցը Կարեւոր Բաղկացուցիչ Մըն Է, Բայց Աւելի Կարեւոր Է Կերպարներու Կերտումը Եւ Անոնց Մարդկայնացումը Իրենց Առաւելութիւններով, Տկարութիւններով Կամ Ձախողութիւններով։ Թէեւ Կը Գիտակցինք Որ Հերոսները Մարդկային Տիպարներ Չեն, Այսուհանդերձ Անոնց Վարուելակերպը Էապէս Մարդկային Խորք Եւ Բնոյթ   Կը Ստանայ։ Այս Պատճառով Կերպարներու Դիմագրաւած  Մարտահրաւէրները Կ՛Ապրինք, Անոնց Յաղթանակներով Կը Հրճուինք, Կը Տխրինք Ի Տես Անոնց Ձախողութիւններուն  Եւ Միաժամանակ Կը Հիանանք Անոնց Ցուցաբերած Քաջութեան Վրայ։

Նարա Էքսիկեանի Գիրքը Այդ Տեսակէտէն Հանդիպման Վայր Մըն Է Ուր Հայ Դիցաբանութեան Եւ Պանթէոնի Պատկանող Հերոսներ Իրարու Կը Հանդիպին, Օտար Չաստուածներու Եւ Դէմքերու Հետ Կապեր Կը Հաստատեն , Անոնց Հետ Խօսակցական Խելացի Բախումներ Կ՛Ունենան, Եւ Յաճախ Հայերէն Բացատրութիւններու Եւ Ասոյթներու Գործածութեամբ Գոյն, Խանդ Եւ Աւիւն Կը Ներարկեն Ընդհանուր Մթնոլորտին։ Նարան Յաճախ Կը Զուարճանայ Իր Պատմութեան Անցքերը Լեցնելով Ընտանեկան Պարագաներու Եւ Դէմքերու Խօսակցութեամբ, Եւ Առտնին Երեւոյթներու Յիշատակութեամբ Որոնք Տեսական Բնականութեան Մթնոլորտ Մը Կ՛Ընծայեն Պատմութեան Ընթացքին։ Հայ Ընտանիքը Կը Խօսի, Կը Վիճի, Տարբեր Սերունդներու Ներկայայցուցիչներ Կեանքի Նկատմամբ Իրենց Ունեցած Ըմբռնումները Ի Յայտ Կը Բերեն Եւ Իւրաքանչիւրը Իր Դատը Կը Ներկայացնէ Ու Կը Պաշտպանէ ։ Մտաւորական Եւ Զգայնութեամբ Թաթաւուն Բախում Մըն Է Ուր Ո՛Չ Յաղթող Եւ Ո՛Չ Պարտեալ Կայ, Այլ Շնչող Կեանքի Պատկեր Մը ։ Հիմնականին Նարա Այս Պահերը Կը Գործածէ Իբրեւ Շաղաղ Անհեթեթի  Պատմութեան Կառոյցն Ու Ընթացքը Զօդելու Եւ  Պահպանելու Համար։

Նարայի Նորավէպի 250 Էջերու Մէջ Պատմողական  Առոյգ Եւ Գունագեղ Լեզուն Զմայլանք Եւ Հիացմունք Կ՛Առաջացնէ Ընթերցողին Մօտ ։ Միաժամանակ Իր Կատարած Դիտարկումները, Արտայայտած Մտածմունքները Եւ Խոհական Արտայայտութիւնները Անակնկալի Կը Բերեն Ընթերցողը Իրենց Վաւերականութեան Ուժգնութեամբ Եւ Այժմէականութեամբ։

Երկրորդական Վարժարանի Ուսանող Պարմանուհիի Ամչկոտ Ժպիտի Ետին Նարա Էքսիքեան Ի Յայտ Կու Գայ  Իբրեւ Զօրաւոր Կամք, Անհատականութիւն Եւ Ինքնավստահութիւն Ունեցող Անձ Մը։ «Ապագայ Ծրագիրներուս Մաս Կը Կազմէ» Կ՛Ըսէ Ան «Այս Գիրքի Շարունակութիւնը Ստեղծել։ Տեսնենք Թէ Այդ Աշխատանքը Ուր Կը Տանի Զիս։ Ես Շատ Ուրիշ Պատմելիքներ Ունիմ Եւ Կը Յուսամ Որ Այս Աշխատանքը Ինծի Կը Հասցնէ Հոն Ուր Կրնամ  Իբրեւ Գրող Հանգստաւէտ Կեանք Մը Ապրիլ» ։

Անկասկած Նարայի Վերոյիշեալ Բարեմասնութիւնները Մեծ Եւ Հիմնական Դեր Կրնան Խաղալ Անոր Ապագայի Երազները, Իղձերը Եւ Նպատակները  Իրագործելու  Իբրեւ Գրող։

****************************************

Անհեթեթի Նորավէպը  (Fantasy Novel) Իբրեւ Գրական Սեռ  

Առասպելները մարդու պատմութեան սկզբնաւորութենէն ի վեր մաս կազմած են ընդհանրական մշակոյթին, ինչպէս կրնանք հետեւցնել զանազան ժողովուրդներու մօտ զարգացած չաստուածներու, հրէշատիպ անասուններու եւ կախարդական արարածներու առկայութենէն՝ հինէն մեզի մնացած աւանդավէպերու, դիցաբանութիւններու եւ կրօնական բնոյթ ունեցող բնագիրներուն մէջ։

Անհեթեթի նորավէպի գրականութեան նորագոյն շրջանը սկիզբ առաւ 19-րդ դարուն Եւրոպայի մէջ զարգացած ասպետական եզրերով յատկանշուող  վիպասանութեան կամ վիպերգութեան իբր հետեւանք։ Այդ գրականութեան մէջ երեւակայականն ու պատրանքայինը իբրեւ հաւատարժան տարր լայն ընկալում ունէր ։  Սկովտիացի հեղինակ Ճորճ Մըքտանըլտ (George MacDonald) եւ Անգլիացի գրող Ուիլեըմ Մորրիս (William Morris)  առաջիններէն հանդիսացան որ մեզի ծանօթ աշխարհէն տարբեր մտացածին կամ երեւակայական աշխարհ մը ստեղծեցին իրենց գրականութեան մէջ։ Այս երկու գրողներուն հետեւելով  Ժ. Ր. Թոլքին (J. R. R. Tolkien) գրեց իր նշանաւոր  անհեթեթի նորավէպը ( The Lord of the Rings) 1954-1955 թուականներուն։

Յետագայ տասնամեակներուն, եւ մեզի աւելի մօտ, անհեթեթի գրականութեան հանրային ճանաչումը աւելի զարգացաւ եւ տարածուեցաւ երբ երեւան եկաւ Ժ.Ք. Րոլլինկի (J. K. Rowling)  Harry Potter վէպերու շղթան՝ 1997-2007 թուականներուն։ Այդ գիրքերը հանդիսացան բոլոր ժամանակներու ամէնէն տարածուած եւ ժողովրդական գիրքերը։ Անհեթեթի գրականութեան լաւագոյն նմոյշներէն կը նկատուին Lewis Carroll-ի Alice in Wonderland ( 1865) , C. S. Lewis-ի  The Lion, the Witch and the Wardrobe (1950), եւ George R. R. Martin-ի  A Game of Thrones (1996)  հեղինակութիւնները։

Կարեւոր է նշել որ անհեթեթի նորավէպը թէ՛ մանուկներու եւ թէ՛ չափահասներու հասցէագրուած գրականութիւն մըն է։ Սակայն զայն պէտք չէ շփոթել հէքիաթներու կամ գիտական ստեղծաբանութեան (science fiction) հետ։ Մինչ հէքիաթը պարզապէս կ՛ենթադրէ որ  մոգական կամ կախարդական աշխարհ մը  գոյութիւն ունի, անհեթեթը մեզի կը ներկայանայ   իբրեւ կախարդական դրոյթի արդիւնք եղող աշխարհ մը ուր կը տիրեն երեւակայական կամ մտացածին անձեր։ Բաղդատմամբ այս երկուքին գիտական ստեղծաբանութիւնը կը զբաղի արուեստագիտական ապագայի մը հեռապատկերով ուր գիտական նուաճումները եւ զարգացումները կը տնօրինեն մարդու ապագան։ Կ՛ըսուի թէ գիտական ստեղծաբանութեան պարագային անհաւանական նկատուողը գրողի գրչիին տակ կարելի կը դառնայ, իսկ անհեթեթի գրականութեան պարագային անկարելին հաւանականի զգեստ կը հագնի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment