Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չնայած Ծանր Աշխատանքին՝ Խաղաղութեան Համաձայնագրի «Հետագայ Յառաջընթաց» Արձանագրուած Է․ Պլինքըն՝ Երեւան-Պաքու Բանակցութիւններուն Մասին

Չնայած Ծանր Աշխատանքին՝ Խաղաղութեան Համաձայնագրի «Հետագայ Յառաջընթաց» Արձանագրուած Է․ Պլինքըն՝ Երեւան-Պաքու Բանակցութիւններուն Մասին

by MassisPost

Յունիս 27-29-ին Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը Վիրճինիա նահանգի Արլինկթըն քաղաքի Ճորճ Շուլցի արտաքին գործերու ազգային ուսումնական կեդրոնին մէջ ունեցած են երկկողմ բանակցութիւններ: Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործերու նախարարները հանդիպած են ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ ԱՄՆ նախագահի՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի հետ:

Նախարարներն ու անոնց խումբերը շարունակած են յառաջընթացը «խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» երկկողմ համաձայնագրի նախագիծին շուրջ: Անոնք համաձայնութեան հասած են համաձայնագրի նախագիծի եւս քանի մը յօդուածներու շուրջ եւ արձանագրած են փոխըմբռնման յառաջընթաց՝ միեւնոյն ժամանակ արձանագրելով, որ քանի մը առանցքային հարցերու շուրջ դիրքորոշումները կը պահանջեն հետագայ աշխատանք:

Երկու նախարարները իրենց գնահատանքը յայտնած են ամերիկեան կողմին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար եւ յայտնած են բանակցութիւնները շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը:

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ձեռք բերած են խաղաղութեան համաձայնագրի «հետագայ յառաջընթաց»՝ չնայած ծանր աշխատանքին:

«Որքան կը մօտենաք համաձայնագրի ձեռք բերման, այնքան աւելի դժուար կը դառնայ որոշ պարագաներու մէջ, քանի որ ամենադժուար հարցերը կը ձգուին յետոյի», ըսած է Պլինքըն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ  ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ բանակցութիւններու աւարտին:

Պլինքընի խօսքով՝ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են «անկեղծութեան, բացութեան եւ շիտակութեան» մթնոլորտի մէջ, քանի որ երկու կողմերն ալ ցուցաբերած են բանակցութիւնները լրջօրէն վարելու պատրաստակամութիւն՝ համաձայնագրի ձեռք բերման նպատակով: Ան հետագայ յառաջընթացի յոյս յայտնած է երկու երկիրներու առաջնորդներու հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ ԵՄ միջնորդութեամբ, եւ, ինչպէս կը սպասուի, պիտի կայանայ յառաջիկայ շաբաթներուն։

«Ես բարձր կը գնահատեմ հետագայ յառաջընթացը այս ընդհանուր նպատակի ճանապարհին, որ պիտի եզրափակէ (խաղաղութեան) համաձայնագրի մշակումը, այդ շարքին՝ պայմանաւորուածութիւնները որոշ լրացուցիչ յօդուածներու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ մնացեալ հարցերու մէջ (կողմերու) դիրքորոշումներու աւելի խոր ըմբռնումը: Եւ գիտակցումը այն բանին, որ դեռ պէտք է յաղթահարուի ծանր աշխատանք՝ փորձելու համար հասնիլ վերջնական համաձայնութեան», ըսած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը։

Փակման արարողութեան ելոյթ չեն ունեցած ոչ Միրզոյեանը, ոչ Պայրամովը։

«Մենք անհամբեր կը սպասենք այս գործընթացին շարունակութիւնը նաեւ յառաջիկայ շաբաթներուն՝ օգտուելու այն խթանէն, որուն մենք օգնած ենք հասնիլ այս հանդիպումներուն շնորհիւ, տարբեր առանձին մասերու հետագայ համաձայնութեան միջոցով յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն՝ կրկին ընդհանուր եւ վերջնական համաձայնագրի հասնելու նպատակով», ամփոփած է Պլինքըն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment