Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Կը Մերժէ Ղարաբաղի Հայերուն Անվտանգութեան Յաւելեալ Երաշխիքներու Երեւանի Պահանջը

Պաքուն Կը Մերժէ Ղարաբաղի Հայերուն Անվտանգութեան Յաւելեալ Երաշխիքներու Երեւանի Պահանջը

by MassisPost

Ուաշինկթընի մէջ յաջորդ շաբաթ կայանալիք բանակցութիւններուն ընդառաջ պաշտօնական Պաքուն կրկին կը յայտարարէ, թէ կը մերժէ Ղարաբաղի հայերուն անվտանգութեան յաւելեալ երաշխիքներ տրամադրելու Երեւանի պահանջը։

«Անոնք բաւարար չափով արդէն պաշտպանուած են»,- «Ռոյթըրզ»-ին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը Ղարաբաղի 120 հազար բնակչութեան մասին, որոնց Պաքուն կէս տարիէ աւելի զրկած է աշխարհի հետ կապէն, կազէն ու ելեկտրականութենէն։

Մինչ Երեւանը կը պնդէ, որ Ատրպէյճանը պէտք է Ստեփանակերտի հետ երկխօսութիւն սկսի միջազգային երաշխիքներու ներքոյ, Պայրամովը պնդած է, որ Հայաստանը նման պահանջ յառաջ քաշելու որեւէ իրաւունք չունի։

«Մենք Հայաստանի կողմէ նման նախապայման կամ պատրուակ չենք ընդունիր շարք մը պատճառներով․ ամենակարեւորը այն է, որ այդ մեր ներքին, ինքնիշխան հարցն է։ Ատրպէյճանի սահմանադրութիւնը եւ շարք մը միջազգային ուխտեր, որոնց Ատրպէյճանը միացած է, կու տան անհրաժեշտ բոլոր պայմանները այդ բնակչութեան իրաւունքները երաշխաւորելու համար», ըսած է ան։

Միաժամանակ, Պայրամովը ակնարկած է, որ Ղարաբաղի հայերը կրնան մշակութային ինքնավարութիւն ունենալ, բայց ոչ աւելին. «Անոնք կրնան շարունակել խօսիլ ու կրթուիլ իրենց լեզուով եւ պահպանել իրենց մշակոյթը, եթէ համարկուին Ատրպէյճանի հասարակութեան ու պետական կառոյցներուն, ինչպէս մեր երկրի միւս ցեղային ու կրօնական փոքրամասնութիւնները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment