Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԽԽՎ-ն Ընդունեց «Լաչինի Միջանցքով Ազատ Անվտանգ Մուտքի Ապահովումը» Բանաձեւը

ԵԽԽՎ-ն Ընդունեց «Լաչինի Միջանցքով Ազատ Անվտանգ Մուտքի Ապահովումը» Բանաձեւը

by MassisPost

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Հինգշաբթի երեկոյեան կայացած լիագումար նիստի ժամանակ, շուրջ երկու ժամ տեւած քննարկումէ յետոյ, հաստատեց Լաչինի միջանցքին ստեղծուած կացութեան վերաբերող բանաձեւը։

48 կողմ, 16 դէմ քուէներու յարաբերակցութեամբ Վեհաժողովը արձանագրեց, որ Լաչինի միջանցքով մարդոց եւ բեռներու ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը խոչընդոտուած է, նաեւ Պաքուին կոչ ըրաւ անյապաղ կատարելու Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին կողմէ նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 22-ին հրապարակուած վճիռը։

Ի հեճուկս Ատրպէյճանի պնդումներուն՝ ԵԽԽՎ բանաձեւը յստակ կ’արձանագրէ, որ Լաչինի միջանցքով չկայ ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժ։

Բանաձեւը հիմնականին մէջ կ’անդրադառնայ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու հետեւանքներուն, կ’ընդգծուի Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան հրատապ գործուղման անհրաժեշտութիւնը, Ատրպէյճանին կոչ կը կատարուի անյապաղ կատարելու ՄԻԵԴ-ի եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին որոշումները, Ատրպէյճանին կոչ կը կատարուի վերականգնելու ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղ։ Ատրպէյճանին նաեւ հասցէական կոչ կը կատարուի հրաժարելու հայերի դէմ կիրառուող թշնամական եւ սպառնալից հռետորաբանութենէն։

Բանաձեւին մէջ, ի թիւս այլ կէտերու, մասնաւորապէս, կ’արձանագրուի.

Վեհաժողովը չափազանց անհանգստացած է Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժի ընդհատումով եւ անոր յաջորդած ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարման կանխամտածուած դադրեցմամբ։

Վեհաժողովը ցնցուած է այն փաստէն, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը չ’ընդունիր ներկայ իրավիճակէն բխող լրջագոյն մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներուն հետ կապուած հետեւանքները:

Վեհաժողովը խորապէս կ’ափսոսայ, որ ԵԽԽՎ զեկուցողը իր փաստահաւաք այցի ընթացքին չէ հրաւիրուած Ատրպէյճան եւ չէ կրցած մեկնիլ Լաչինի միջանցք։

Վեհաժողովը կը շեշտէ, որ ներկայ իրավիճակը կայուն չէ եւ կրնայ յանգեցնել անոր, որ հայ բնակչութիւնը պարտադրուած ըլլայ լքել իրենց տուներն ու համայնքները, եթէ հակամարտութիւնը լուծում չստանայ: Այս ծիրին մէջ Վեհաժողովը կոչ կ’ընէ հրատապ հասցէագրելու Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերը՝ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան միջոցով, ինչպէս նաեւ ապահովելու միջազգային չէզոք ներգրաւում՝ խաղաղութեան ուղղուած որեւէ մեխանիզմի կիրառման համար։

Վեհաժողովը Ատրպէյճանին առանց աւելորդ երկարաձգման կատարելու 2022 թ․ Դեկտեմբեր 21-ին կիրառուած ՄԻԵԴ միջանկեալ միջոցները։

Վեհաժողովը Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ հրատապ կերպով կատարելու նաեւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին որոշումը։

Վեհաժողովը Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ հրաւիրելու Եւրոպայի Խորհուրդի պատուիրակութիւնը փաստահաւաք առաքելութեամբ այցելելու Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ՝ տեղւոյն վրայ իրավիճակը գնահատելու համար: Վեհաժողովը նաեւ Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ թոյլ տալու այլ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ ներառեալ ՄԱԿ հաստատութիւնները, մուտք գործելու տարածաշրջան։

Վեհաժողովը Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ իրապէս կառուցողական եւ խաղաղ մօտեցում ցուցաբերելու հարեւան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն նկատմամբ:

ԵԽԽՎ-ն Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ գործադրելու բոլոր ջանքերը երկու ուղղութիւններով Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժի համար:

ԵԽԽՎ-ն Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ անյապաղ վերականգնելու ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը եւ հայերուն հետ համաձայնեցնել հայկական, ոչ թէ՝ ատրպէյճանական տարածքով անցնող կազի եւ ելեկտրացանցի մատակարարման նոր երթուղին:

Վեհաժողովը խիստ մտահոգուած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան՝ ամենաբարձր մակարդակով հայերուն դէմ կիրառուող թշնամական եւ սպառնալից հռետորաբանութեամբ եւ կը յորդորէ Ատրպէյճանին հրաժարիլ նման հռետորաբանութենէ եւ քայլեր ձեռնարկել ինչպէս ատելութեան խօսքի, այդ շարքին՝ հանրութեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ հնչող, այնպէս ալ ատելութեան հողի վրայ յանցագործութիւններու դէմ պայքարելու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment