Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Երեւան Կը Հաստատէ՝ Սուտանի Մէջ Երկու Հայ Կին Սովամահ Եղած Է

Երեւան Կը Հաստատէ՝ Սուտանի Մէջ Երկու Հայ Կին Սովամահ Եղած Է

by MassisPost

ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը, ի պատասխան «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հարցումին, կը հաստատէ՝ Յունիս 10-ին Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ յայտնաբերուած է 2 հայ կնոջ դիակ, որոնք, ենթադրաբար, Յունիսի առաջին օրերուն սովամահ եղած են։

«Խարթումի մէջ իրավիճակի վատթարանալէն առաջ՝ քաղաքէն դուրս գալու օրերուն, երկու հայ քոյրերուն (քոյրերէն մէկուն անունը Զուարթ Եկաւեան է) նոյնպէս առաջարկուած է լքել քաղաքը, սակայն տարէց քոյրը տեղաշարժուելու խնդիր ունեցած է, իսկ կրտսեր քոյրը (61 տարեկան) չէ ցանկացած դուրս գալ մայրաքաղաքէն եւ մնացած է աւագին խնամելու», կը պարզաբանէ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը՝ վկայակոչելով Սուտանի հայ համայնքի անդամներուն։

Հայաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան տեղեկութիւններով՝ որոշ ժամանակ սուտանցի բնակիչները օգնած են հայազգի քոյրերուն սնունդ հայթայթելու հարցով, սակայն հետագային «խնդիրները բարդացած են, եւ քոյրերը օրեր շարունակ առանց սնունդի մնացած են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment