Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսիան Դէմ Չէ, Որ Միջազգային Խաղացողները Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Միջնորդական Ջանքեր Գործադրեն. Լաւրով

Ռուսիան Դէմ Չէ, Որ Միջազգային Խաղացողները Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Միջնորդական Ջանքեր Գործադրեն. Լաւրով

by MassisPost

Արեւմուտքը անկեղծ ցանկութիւն չունի օգնելու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով։

«Անոնց (արեւմտեան երկիրներու – Խմբ.) գործողութիւնները կ’արտացոլեն այն տարածաշրջաններուն մէջ ընդլայնուելու ցանկութիւնը, որոնք հեռու են ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոմիութեան անդամներու սահմաններէն: Եւ այդ քիչ ընդհանուր բան ունի իրավիճակի կայունացման օգնելու անկեղծ ցանկութեան հետ», ըսած է Լաւրով:

Միեւնոյն ժամանակ ան յայտնած է, որ Ռուսիան «դեմ չէ, որ միջազգային այլ խաղացողներ փորձեն իրենց ուժերը Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ միջնորդութեան» հարցով։ «Գլխաւորը այն է, որ այս միջնորդութիւնը հետապնդէ այնպիսի պայմանաւորուածութիւններու ապահովման նպատակ, որոնք կ’արտացոլեն հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու, հայկական եւ ատրպէյճանական պետութիւններու շահերուն հաւասարակշռութիւնը», ըսած է Լաւրով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment