Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Աշոտեանը Կ’անցնի Նաեւ ԵՊԲՀ Հիմնադրամին Վերաբերող Նոր Քրէական Գործով

Արմէն Աշոտեանը Կ’անցնի Նաեւ ԵՊԲՀ Հիմնադրամին Վերաբերող Նոր Քրէական Գործով

by MassisPost

Ընդդիմադիր Հանրապետականի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը կալանաւորելէ 4 օր անց Քննչական Կոմիտէն հաղորդեց անոր առնչուող մէկ այլ քրէական գործի մասին։ Այս դրուագին մէջ ներգրաւուած են նաեւ հանրապետական այլ նախկին պաշտօնեաներ՝ մասնաւորապէս, 2011-էն 2018 Պետական Գոյքի Կառավարման Կոմիտէի ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցուցած Արման Սահակեանը եւ նախին պատգամաւոր Կարէն Աւագեանը։

Քննչականը կը հաղորդէ, որ Արման Սահակեանը, այդ ժամանակ կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը եւ Կարէն Աւագեանը չարաշահած են իրենց պաշտօնական դիրքը՝ Սահակեանի օգնականի, Աշոտեանի վարորդի կնոջ եւ Աւագեանի կնոջ անուամբ հիմնուած ընկերութեան միջոցով դեռ 2015-ին աւելի քան 163 միլիոն դրամով գնա­ծ են Զէյթունի մէջ գտնուող դպրոցներէն մէկը, ապա 2018 թուականին դպրոցը աւելի թանկ՝ 240 միլիոն դրամով վաճառած են այդ ժամանակ փոխադրութեան եւ կապի փոխնախարար Հրանդ Բեգլարեանին պատկանող ընկերութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment