Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Սահմանին Բախումներու Պայմաններուն Մէջ Դժուար Է Բանակցութիւններ Վարել. Օվերչուք

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Սահմանին Բախումներու Պայմաններուն Մէջ Դժուար Է Բանակցութիւններ Վարել. Օվերչուք

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջև խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի: Բայց մինչ այժմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղի կ’ունենաւ բախումներ, կը զոհուին մարդիկ. այդպիսի պայմաններուն մէջ դժուար է բանակցութիւններ վարել ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ, յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը «ԹԱՍՍ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Սան Փեթերպուրկի միջազգային տնտեսական համագումարի ծիրին մէջ:

«Մեր պարագային բոլորը կը հասկնան, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի: Խաղաղութեան հասնելու լաւագոյն միջոցը մարդոց համար խաղաղ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւն բանալն է, ընդհանուր ճանապարհ կառուցելը, որով պիտի տեղաշարժուին մարդիկ եւ բեռները, պիտի սկսի բնական կեանք, առեւտուր, եւ աստիճանաբար հին վիրաւորանքները պիտի մղուին երկրորդ գիծ», ըսած է Օվերչուք՝ մեկնաբանելով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ բանակցութիւնները։

Ինչ կը վերաբերի հաղորդակցութիւններու բացման ժամկէտերուն, ապա, Ռուսիոյ փոխվարչապետին խօսքով, այդ հարցին առայժմ ստոյգ պատասխան չկայ։

«Այն ժամանակ, երբ մենք համաձայնութեան գանք, եւ երբ համապատասխան փաստաթուղթի տակ դրուին ստորագրութիւններ: Այդ ժամանակ հնարաւոր պիտի ըլլայ անցնիլ երկաթուղիի վերականգնման, որ գոյութիւն ունէր խորհրդային ժամանակաշրջանին, եւ որմէ կ’օգտուէին ե՛ւ հայերը, ե՛ւ ատրպէյճանցիները», ըսած է ան։

Օվերչուքի խօսքով՝ փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբին մէջ ձեւաւորուած է յարաբերութիւններու իւրայատուկ ձեւաչափ։

«Շատ կ’օգնէ, որ մենք դուրս եկած ենք միեւնոյն մեծ երկրէն, սորված ենք միեւնոյն դասագրքերով, դիտած ենք միեւնոյն ֆիլմերը, կը հասկնանք նոյն հիւմըրը եւ հետեւաբար ընդհանուր լեզու կը գտնենք մարդկային մակարդակով։ Սա այն աննիւթական արժէքն է, որ յոյս կը ստեղծէ եւ կ’օգնէ շարժելու յառաջ: Մտածելով մեր խումբի աշխատանքին մասին՝  կը հասկնաս, թէ խաղաղութեան համար որքան կարեւոր է մեր ընդհանուր եւրասիական տան մէջ չկորսնցնել այս ընդհանրութիւնը ամբողջ յետխորհրդային տարածքին մէջ եւ փոխանցել զայն յաջորդ սերունդներուն», ըսած է Օվերչուք։

Ռուսիոյ փոխվարչապետը նշած է, որ աշխարհին մէջ դժուար է գտնել օրինակներ, երբ թշնամական կողմերը նստին քննարկելու ճանապարհային հաղորդակցութիւններու վերականգնման հարցը ռազմական գործողութիւններու դադրեցումէն անմիջապէս յետոյ։

Աւելի վաղ, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք Յունիս 2-ի եռակողմ աշխատանքային խումբի նիստին արդիւնքներով նշած էր, որ կայ զգալի յառաջընթաց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ երկխօսութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment