Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետական Քարտուղարութիւնը Խորապէս Մտահոգուած է Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ-ին Առընթեր Ընկերութեան Երկու Քաղաքացիական Աշխատակիցներ Վիրաւորուիլը Ատրպէյճանի Կրակոցներէն

Պետական Քարտուղարութիւնը Խորապէս Մտահոգուած է Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ-ին Առընթեր Ընկերութեան Երկու Քաղաքացիական Աշխատակիցներ Վիրաւորուիլը Ատրպէյճանի Կրակոցներէն

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր Թուիթըրի իր էջով գրած է․
«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք, որ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ին առընթեր ընկերութեան երկու քաղաքացիական աշխատակիցներ վիրաւորուած են Ատրպէյճանի կրակոցներէն։ Մենք կը կրկնենք սահմաններու երկայնքով զսպուածութեան մեր կոչը, քանի որ կողմերը կ’աշխատին կայուն եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան ուղղութեամբ»։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ՊՆ-ն հաղորդագրութիւն տարածած էր, ըստ որուն՝ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը, 11:30-ի սահմաններուն տարածելով ապատեղեկատուութիւն այն մասին, թե իբր ՀՀ Զինուած Ուժերը կրակ բացած է Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, ստեղծելով տեղեկատուական հիմք, 10-15 վայրկեան անց՝ ժամը 11:45-ի սահմաններուն, նոյն ուղղութեամբ կրակ բացած է Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործական գործարանին ուղղութեամբ, ինչի հետևանքով վիրաւորում ստացած են օտարերկրեայ երկու քաղաքացի:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ վիրաւորում ստացածները Հնդկաստանի քաղաքացիներ են, ապա ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը տեղեկութիւն տարածեց, որ վերոնշեալ անձերը վիրահատուած են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment